Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեանը, որուն հետ քննարկեց անոր Իրաք կատարած այցելութեան արդիւնքները:
Հանդիպումէն ետք Ճ. Պուչիքեան յայտնեց, որ վարչապետ Միքաթի պահանջած է երկու երկիրներուն նախարարութիւններուն եւ վարչութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը աշխուժացնել` բոլոր մարզերուն պարագային, որպէսզի կարելի ըլլայ երկու շուկաներուն օգտակար հանդիսանալ:
Ճ. Պուչիքեան աւելցուց, որ այս մասին նախարարական յանձնախումբի նիստ մը պիտի գումարուի յառաջիկայ երկուշաբթի օր:



