Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Օրուան Հրամայականն Է` Յեղաբեկել «Յեղափոխութիւն»-ը

December 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Դուք այն ժողովուրդն էք, որը ոչ մի դէպքում պէտք չէ ընկճուի ու ծնկի գայ` ում դէմ էլ որ լինի, արտաքին թշնամուն թէ ներքին® Մենք Արցախում զիջելու բան չունենք»

ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

Դեկտեմբեր 24-ի մամլոյ իր ասուլիսով Նիկոլ Փաշինեան ոչ միայն շարունակեց անցեալի իր անփառունակ սոփեստութիւնները, այլեւ` պետութեան առաջնորդի անյարիր իր անճարակութեամբ յառաջ մղեց այն թեզը, ըստ որուն` մենք Արցախը որպէս Ազրպէյճանի անքակտելի մաս պէտք է ընդունինք եւ յարգենք Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Փաստօրէն ոտնակոխեց Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց ազգային անվտանգութեան հիմնարար արժէքներն ու ստորադասեց արցախահայութեան ազգային ինքնորոշման իրաւունքը:

Սեփական ձախողութիւնները կոծկելու համար դաւաճաններ փնտռելու վհուկներու որսը կամ ամօթալի պարտութեան համար դաւաճաններու որոնումը դարձած է Փաշինեանի վերջին յոյսը: Դեռ աւելի՛ն. պարտուողական ընթացքը կը շարունակուի Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային սահմաններու զիջումներու շքերթով, ուր թիզ առ թիզ թշնամիին կը յանձնուին Սիւնիքի սահմանամերձ տարածքները:

Անցնող երեք տարիներուն դիւանագիտական ռազմավարութեան եւ աշխարհառազմավարական ընդհանուր հայեցակարգի Փաշինեանի եւ իր խմբակիցներուն կողմէ թշուառ ընկալումը` հայրենիքին համար դարձան կործանարար, իսկ «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը ջլատեց, մասնատեց, պառակտեց ազգը եւ քանդեց համերաշխութեան եւ միասնութեան ամրակուռ պատուարը եւ խորտակեց Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան ազգադրոշմ հայեցակէտը: Այսօր ազգը պէտք է գիտակցի, որ իր փրկութիւնը` դրածոյ «թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը յեղաբեկելն է, կացութիւնը յեղաշրջելն է: Այլընտրանք գոյութիւն չունի:

Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի գոյատեւելիութեան ու ապագայ կենսագործունէութեան հիմնախարիսխն է Արցախի պատմական տարածքը, այն ինչ, որ կը պարփակէր 11 հազար քառակուսի քիլոմեթր աշխարհագրական տարածք` բարձունքներով, լեռնաշղթաներով ու ջրային պաշարներով, այն ազատ ու անկախ Արցախը, որ երեք տասնամեակ դիմակայած էր ե՛ւ թշնամիին ե՛ւ արտաքին աշխարհաքաղաքական ու տնտեսական ծաւալապաշտական սադրանքներուն:

Այսօրուան կամ վաղուան երկրի վարչապետ, առաջնորդ կամ նախագահ` հիմնովին պէտք է ըմբռնեն այն վերահաս աղէտը, որ ցեղասպանութիւնն ու հայատեացութիւնը կը շարունակուին ու պիտի շարունակուին Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին դէմ:

Այս իշխանութեանց կեանքի երկարաձգումը արհաւրալից հետեւանքներու դուռ պիտի բանայ: Բանակցութիւններ վարելու դիւանագիտութենէ զուրկ, չորս տարի ետք, խաղաղապահներու ժամկէտի աւարտէն ետք, պիտի համակերպին Արցախի մնացորդացը յանձնելու Պաքուին, որուն պիտի յաջորդէ Արցախի վերջնական հայաթափումը, այսինքն` հայոց արեւելից կողմանց դարպասի վերջնական անէացումն ու չքացումը:

Պէտք է դուրս գալ քաղաքականապէս թոյլ ու զիջող այս իրավիճակէն ու ազգային գաղափարախօսութենէ իտէալազուրկ հասարակութեան հատուածը ի վերջոյ տարհամոզել, որ այս իշխանութեանց ճանապարհը կը տանի միայն մէկ ուղղութեամբ` քաղաքական ինքնասպանութեան:

Սպառնալիքներու թերագնահատումը կորստաբեր պիտի ըլլայ: Այսօր, աւելի քան երբեք, օրուան գերխնդիրն ու հրամայականն է թաւշեայ կեղծիքներու եւ խարդաւանանքներու «յեղափոխութիւն»-ը յեղաբեկել:

Նախորդը

Որպէսզի Հայու Զաւակները Չհարցնեն` Ինչո՞ւ Կ’ապրիմ Ես….

Յաջորդը

Ամանորի Տօնավաճառ. «Լէյլաւանը Իսկական Հայկական Ընտանեկան Միջավայր Է, Ուր Հայորդիները Կ՛ապրին Քրիստոնէական Հաւատքով Եւ Հայկական Արժէքներով» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.