Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Որպէսզի Հայու Զաւակները Չհարցնեն` Ինչո՞ւ Կ’ապրիմ Ես….

December 29, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Առօրեայ կարիքները հազիւ հոգացող ընտանիքի մը երէց զաւակն էի: Շատ հայրերու նման` ծանր էր հօրս բեռը: Իր համեստ աշխատավարձով չորս ուսանողի կրթաթոշակ պիտի հայթայթէր եւ ընտանիք պահէր:

Մայիսը ընթացիկ տարուան կրթական պարտաւորութիւններէն ազատելու եւ յաջորդ վերամուտին պատրաստուելու գոհունակութիւն մը կու տար անոր:

Դժուար օրեր էին:

Մենք այս բոլորը բաւական ուշ հասկցանք, որովհետեւ ծնողքս նիւթական հարցեր չէին քննարկեր մեր ներկայութեան: Զոհողութեան եւ անձնուիրութեան խորհրդանիշ պիտի մնան անոնք  մեզի համար:

Այսուհանդերձ, հայրս անտարբեր չէր իր շրջապատին հանդէպ: Իր համեստ պայմաններուն մէջ, չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս, միջոց մը կը գտնէր օգնութեան ձեռք մեկնելու  հաւասարապէս ծանօթներու եւ անծանօթներու:

Լիբանանի տնտեսական-կենցաղային այս ծանր  օրերուն թուղթին պիտի յանձնեմ Ամանորին զուգադիպող դէպք  մը: Հետագային միայն իմացայ, որ տարիներու վրայ երկարող աւանդութեան մը ականատեսը դարձած էի պարզապէս:

***

Լիբանանի  քաղաքացիական պատերազմէն տարի մը առաջ էր` 31 դեկտեմբեր  1974: Ամպոտ ու ցուրտ օր մը: Կէսօրուան մօտ էր, հայրս թելադրեց լաւ   հագուիլ: Տեղ մը պիտի այցելէր, փափաքեցաւ, որ ընկերակցիմ  իրեն: Ինքնաշարժ մը վարձեց: Ճանապարհին վրայ գնումներ կատարեց, զանոնք  երեք տոպրակներու մէջ բաժնեց, իւրաքանչիւր տոպրակի մէջ պահարան մըն ալ զետեղեց:

Մօտեցանք Էշրեֆիէի լանջին գտնուող «Սեփեթ տուրմազ» կոչուած շրջանը: Ինքնաշարժով կարելի չէր շարունակել ճամբան: Ամայի շրջան մըն էր: Ցեխոտ թուփերը շրջանցելէ ետք, խորհրդաւոր պուրակ մը  յայտնաբերուեցաւ մեր առջեւ: Կիսամերկ  երեք ծառերու վրայ նշմարեցի փայտի զանազան  տեսակներէ եւ չափերէ «մշակուած», հազիւ մէկ մեթր տրամագիծով թիթեղածածկ երեք տնակներ: Հայրս ծանօթ էր անոնց բնակիչներուն: Վերադարձի ճամբուն վրայ ըսաւ, որ Հաճնոյ աղէտէն վերապրողներ էին` Վարդանը, Աւետիսը եւ Կարապետը:

Անոնք ոչ մէկ հարազատ ունէին այս երկրագունդին  վրայ: Բոլորը մնացած էին Կիլիկիա, սուրիական անապատի աւազներուն տակ:

Ինծի հարց էր. իրենց կեանքի մայրամուտը թեւակոխած անօթեւան այս հայորդիները ինչպէ՞ս հասած էին այս ծառերուն վրայ:

Երեք հայորդի, երեք ծառ, սակայն` մէկ սանդուղ: Հայրս բարձրացաւ առաջինին մօտ: Հառաչանքով ձայն մը դուրս եկաւ տնակէն. «Ես ինչո՞ւ կ’ապրիմ…. ես ինչո՞ւ կ’ապրիմ»: Քար լռութիւն` երկրորդէն եւ  երրորդէն:

Ես ոչ մէկը տեսայ:

Ո՞վ կը զբաղէր այս մարդոց որպիսութեամբ, ո՞վ  լուր ունէր իբրեւ մարդ անոնց գոյութենէն. չեմ գիտեր: Ինչպէ՞ս կ’ապրէին, ինչպէ՞ս կը պատսպարուէին ցուրտէն, տեղատարափէն… Հաւանաբար այս մարդիկ ապրեցան եւ միայն իրենց անունին ներկայութեամբ յանձնուեցան հողին… Կարելի չէր հաշտուիլ տեսարանին հետ: Յիշողութեանս մէջ յաւերժ կը մնայ ծառերու վրայ բնակող երեք հայորդիներուն ոդիսականը:

Իւրաքանչիւր առիթով, երբ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն Պէյրութ կը վերադառնայի, կը հետաքրքրուէի ծառերու վրայ   բնակող տարաբախտ հայերուն կացութեամբ: Տարի մը հայրս դառնութեամբ ըսաւ. «Գացին, տղա՛ս, բոլորը մահացան»:

Ինչո՞ւ կը գրեմ այս տողերը, սիրելի՛ ընթերցող: Լիբանան կը բոլորէ տնտեսական, ընկերային, կենցաղային տագնապալի օրեր: Պատիւ Մեծի  Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին, աւետարանական եւ կաթողիկէ   համայնքապետներուն, հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն, բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, լիբանանահայութեան առաքելութեան հաւատացող ազգայիններու, քանի որ հրաշագործութեան համազօր հսկայական աշխատանք կը կատարուի` առաւելագոյն չափով   մեղմացնելու լիբանանահայութեան դիմագրաւած տագնապները: Սակայն դժբախտաբար մեր հայ իրականութեան մէջ գոյութիւն ունի զանգուած մը, որ անտարբեր կը մնայ համայնքին ցաւերուն: Խօսքս պիտի ուղղեմ այդպիսիներուն. «Նայեցէք ձեր շուրջ, ձեր անմիջական շրջապատը: Մարգարէ ըլլալու չէ անմիջապէս զգալու, յատկապէս` բժշկական խնամքի, օժանդակութեան, դեղորայքի եւ  մարդասիրական առաջնային անհրաժեշտութիւններու կարօտ հայորդիներու լռելեայն տառապանքները»:

Եկէք, գէթ միայն այսօր, այս գիշեր հրաժարինք մեր փարթամ, ոչ ոք զարմացնող, յումպէտս վատնուող,  շռայլութիւն բուրող սեղաններէն: Գիտակցինք, որ ծերունի Վարդանին նման բազմաթիւ Վարդաններ, ընտանիքներ մեր համեստ աջակցութեան կը սպասեն այս գիշեր: Մտածենք անոնց ալ բաժին մը հանել մեր ճոխ սեղաններէն, որպէսզի անոնք ալ զգան, որ Նոր տարի է այսօր:

Հեռուները երթալու անհրաժեշտութիւն չկայ   կարօտեալ ընտանիքներ փնտռելու համար:  Նայեցէք ձեր շուրջ, մեր անմիջական շրջապատին մէջ են անոնք: Ապրինք այնպէս, որպէսզի մարդու զաւակը, հայու զաւակը յուսահատութենէն չպոռթկայ` «ինչո՞ւ կ’ապրիմ ես»:

Խօսքս ձեզի է, մեր հաւաքական ցաւերուն հանդէպ անտարբե՛ր հայեր: Շարժեցէ՛ք, միացէ՛ք համայնքին դժուարութիւնները մեղմացնելու հաւաքական աշխատանքներուն: Կամենալը` կարենալ է, վերջապէս:

 

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Հորիզոն»-ի Խմբագրական. Օրուան Հրամայականն Է` Յեղաբեկել «Յեղափոխութիւն»-ը

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.