Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 28, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1100 վարակուածներ եւ մահացած 15 ուրիշներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 27.400 լ. ոսկիի սահմանը:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի շաբաթ, 25 դեկտեմբեր 2021-ին այցելեց Թրիփոլիի հոգեւոր հեղինակութիւններուն` մարոնի համայնքի Թրիփոլիի առաջնորդ Եուսեֆ Սուիֆ եպիսկոպոսին, յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Էտուար Տահեր եպիսկոպոսին ու յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Աֆրամ Քիրիաքոս եպիսկոպոսին` յայտնելու համար Ս. Ծննդեան տօնին առիթով իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատէ Շամի առաջարկեց տարակարծութիւնները մէկդի դնել, որպէսզի կառավարութիւնը կարելիութիւն ունենայ ժողով գումարելու եւ մշակելու տնտեսական եւ ապրուստի յատուկ ծրագիր մը:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը հաստատեց, որ Ս. Ծննդեան տօնը այս տարի տխուր է, իսկ երկիրը կախուած կը մնայ ժողով գումարելու անկարող կառավարութեան ու հետաքննութեան մը միջեւ, որուն ծիրին մէջ իշխանաւորները կը փորձեն ճշմարտութիւնը ծածկել եւ որեւէ առիթ չընծայել զայն բացայայտելու:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժիհատ Սամատ լիբանանցիները շնորհաւորեց Նոր տարուան առիթով եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթները լեցուն ըլլան լուծումներով եւ աւետիսներով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ լիբանանցի նոր սերունդին եւ երեխաներուն իրաւունքն է Յիսուս Քրիստոսէն խնդրել, որ դարձեալ ուրախանալու կարողութիւն պարգեւէ իրենց: Քարամէ մաղթեց, որ լիբանանցիները կարենան ազատագրել իրենց երկիրը, որ առեւանգուած է:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յանձնառու է երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները իրենց ճշդուած թուականին պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ յարաբերութիւնները նոյնն են եւ ոչ մէկ կերպով խզուած են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Նոր տարուան լաւագոյն նուէրը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պատրաստուիլ եւ քուէատուփերուն ընդմէջէն փոփոխութիւն իրականացնել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ յառաջիկայ տարի այս տարուան նման պիտի չըլլայ` աւելցնելով, որ 2015-էն ի վեր նախագահական համաձայնութեան մասնակից կողմերն են Լիբանանի փլուզման պատասխանատուները: «Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակիցներուն իշխանութիւն դառնալը մեծագոյն աղէտն է, եւ լիբանանեան ինքնութիւնը վերացումի ենթակայ է», ըսաւ ան: Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Լիբանան պատանդ է Հըզպալլայի եւ Իրանի մօտ, եւ ի տես այս ճշմարտութեան, ՄԱԿ պէտք է անմիջական միջամտութիւն կատարէ:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ փոփոխութիւնը պիտի արձանագրուի` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն երազները պիտի իրականանան մարդու երկիր կառուցելու ընդմէջէն:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին յղած է նամակ մը եւ զայն իմացուցած Հզօր Լիբանան համախմբումին կողմէ կառավարութեան հարցապնդման նիստ մը գումարելու պահանջին մասին:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Այս Տարուան Բացառիկը

Յաջորդը

Մաուլաուի Ստորագրեց Ընտրական Խորհուրդները Աշխատանքի Կոչելու Հրամանագիրը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.