Լիբանանի ապրած ծանր պայմաններուն իբրեւ հետեւանք «Ազդակ» իր ամանորեան բացառիկը կը հրատարակէ ձեւաչափային փոփոխութեամբ: Յաւելուածային տեսքով լոյս տեսնելիք հրատարակութիւնը կ՛ամփոփէ ընթացիկ ճգնաժամային տարուան կարեւորագոյն ուղղութիւնները` Լիբանան, լիբանանահայութիւն, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններ, կուսակցական տարին, «Ազդակ»-ի միամեայ գործունէութեան գլխաւոր առանցքները: Տարեփակի մտորումներ, ազգային-հասարակական գործունէութեան հանրագումարային պատկերներ եւ վերլուծումներ ներկայացնող յօդուածները յաջորդաբար պիտի հրատարակուին թերթին ընթացիկ թիւերով:
Բացառիկի հրատարակութիւնը լոյսին կու գայ շնորհիւ «Ազդակ»-ի ծրագիրներուն հետեւողականօրէն նեցուկ կանգնող ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններու հովանաւորութեան: