Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. «Ազդակ»-ի Տարին (Ա.) Առցանց Լսարաններու Երեւոյթը

December 28, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազդակ» շարունակեց գործել ծանր պայմաններու մէջ: Համավարակի հետ կապուած սահմանափակումները թէեւ որոշ ժամանակի համար մեղմացան, այսուհանդերձ ժամանակաւոր մեղմացման զուգահեռ երկրի տնտեսական եւ ֆինանսական ճգնաժամը գրանցեց նոր ճգնաժամի տարողութիւններ: Ասիկա անշուշտ պատճառ դարձաւ աշխատակարգի վերանայման, որոշ սեղմումներու, բայց մանաւանդ նոր ծրագիրներու մեկնարկման յետաձգման:

Այս բոլորին նկատառումով «Ազդակ» փորձեց իրականացնել այն ծրագիրները, որոնք պիտի չազդուէին երկրին մէջ տիրող իրավիճակէն եւ անոր ստեղծած ծանր հետեւանքներէն:

Գիտակցեցանք, որ առցանց լսարաններու շարքը պիտի երկարէր: Ո՛չ միայն համավարակի լոյսին տակ գործող սահմանափակումներուն պատճառով, այլ նաեւ քննարկումի եզակի ցանցի գոյառումը կը թելադրէր շարունակել աշխատանքը այս ձեւաչափով: Այս տարուան ընթացքին 21 առցանց լսարան` մշակութային, լեզուական, քաղաքական, հասարակական ոլորտներու վերաբերող, իր շուրջ հաւաքեց փորձագէտներու, մշակութաբաններու, կրթութեան մասնագէտներու, թատերական գործիչներու, ընկերաբաններու, միջազգայնագէտներու, թրքագէտներու եւ արեւելագէտներու շարք մը` հայրենիքէն եւ սփիւռքէն: Հետեւող լսարանը, միջին հաշուով 30 հոգի, առիթը ունեցաւ նշուած ոլորտներուն մասին լսելու մասնագիտական դասախօսութիւններ: Դասախօսութիւններուն հետեւած քննարկումներու բաժինը համալրեց ներկայացուած նիւթին այժմէականութիւնը:

«Ազդակ» բազմաթիւ արձագանգներ ստացաւ` գոհունակութիւն յայտնող: Դասախօսները գոհ էին ընծայուած առիթին համար, իսկ լսարանականները` մատուցուածին համար: Այդ արձագանգներէն որոշ նիւթեր հրապարակուեցան մեր մամուլին մէջ:

Յաւակնութիւնը չունինք անշուշտ տարբեր մասնագիտական նիւթերու շուրջ առցանց հաստատութիւն մը ստեղծած ըլլալու: Բայց թէ` այսօր գոյութիւն ունի մամուլի հարթակ մը, որ կը համախմբէ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարբեր ոլորտներու մասնագէտներ, արդէն կայացած փաստ է:

Կը պակսի այս բոլորին մէջ այդ բոլոր քննարկումներուն մամուլի մէջ արձագանգումը: Արձագանգում ոչ լուսաբանման կամ թղթակցութեան առումով, այլ` նման խնդիրներու հրապարակագրական հարթակի կայացման: Պարագայական են այն յօդուածները, որոնք արծարծուած նիւթերը քննարկեցին «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ:

Երկրորդ բացթողումը  եղաւ երիտասարդութեան պարագայական մասնակցութիւնը շատ կարեւոր եւ համահայկական հնչեղութիւն ունեցող այս քննարկումներուն: Պէտք է աւելի խոր քննարկենք երիտասարդութիւն ներգրաւել չկարենալու խնդիրը: Անվերջ ընթերցանութեան կամ դասական միջոցներու ժամանակավրէպութեամբ կը բացատրուէր մամուլ-երիտասարդութիւն ոչ աշխուժ կապը կամ անոնց ոչ լիարժէք ներկայութիւնը:

Հիմա հարթակը ցանցային է եւ անոր մասնակիցները` շուրջ 10 երկիրներէ: Հարթակը յօդուածագրային չէ, այլ քննարկային, բացակայ է մեր երիտասարդութիւնը:

Տեսակէտներու, դիտանկիւններու եւ մասնագիտական նոր մօտեցումներու հնչման, ներկայացման եւ միտքերու բախման կէտ ստեղծուած է յամենայն դէպս: Պիտի աշխատինք արծարծ պահել այս ճրագը եւ փորձել համալրել զայն նոր մասնագէտներով: Պիտի լսենք նաեւ մեր երիտասարդները` իրենց մասնակցութեան համար համապատասխան եղանակներ ճշդելու. աւելի ճիշդը` առաջարկելու, որ իրենք ճշդեն իրենց նախընտրած եղանակները` աշխուժ մասնակցութիւն ապահովելու համար:

Կային անշուշտ լուսարձակի տակ գալիք բովանդակային խնդիրներ: Օրինակ` արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման օրակարգը առնուազն քանի մը լսարանով քննարկուեցաւ. խնդիրը սերտօրէն կապուեցաւ նաեւ սփիւռքի կրթական, մշակութային եւ հասարակական երեւոյթներուն: Առաջարկներ ստացանք մե՛նք նախաձեռնելու այս ուղղութեամբ տարբեր ուղղութիւններով համախմբումներ կազմակերպելու եւ բանաձեւերու շուրջ համաձայնութիւններ գոյացնելու:

Առաջարկները, արձագանգները պարտաւորեցնող բաժին ունին: Անկախ անոնց կիրարկելիութեան հաւանականութենէն, մենք մե՛րը պիտի սեպենք այս նոր գործառոյթի շարունակականութիւնը: «Ազդակ» պիտի շարունակէ կազմակերպել առցանց լսարանները, նոյնիսկ եթէ համավարակի սահմանափակումները վերանան: Նման աշխարհագրական պատկերով ցանց մը միայն այս եղանակով կարելի է հրաւիրել նոյն հարթակին վրայ:

Մինչ այժմ իրականացուած է 42 առցանց լսարան. բոլոր արձանագրուած լսարանները տեղադրուած են «Եութիուպ»-ի «ազդակ»-եան ալիքին վրայ: Հեռանկարը` այդ բոլորի արտագրումն է. խմբագրումն է եւ հրատարակութիւնը: Թէ՛ ելեկտրոնային, եւ թէ՛ տպագիր ձեւաչափերով:

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը՝ Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւնների Եւ Արցախի Հիմնախնդրի Կարգաւորման Գործընթացների Վերաբերեալ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ամանորի Պատգամը. Համախմբուինք Ազգի Ու Հայրենիքի Գերագոյն Շահերուն Շուրջ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.