Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Նախագահական Թեկնածու Վալերի Փեքրես Հայաստան Այցելեց

December 22, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի Իլ Տը Ֆրանս շրջանային խորհուրդի նախագահ, Ֆրանսայի նախագահական թեկնածու Վալերի Փեքրես եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ աշխատանքային այցելութիւն կու տան Հայաստան, 21 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցան Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին, այլ պետական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ:

Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ Ֆրանսան եւ ֆրանսացիները կը նկատուին լաւ բարեկամներ, որովհետեւ հայութեան կողքին եղած են անոր ամէնէն դժուար պահերուն` աւելցնելով, որ արցախեան վերջին պատերազմին եւս Ֆրանսան ատիկա ցոյց տուաւ:

Վալերի Փեքրես  յայտնեց, որ երրորդ անգամն ըլլալով Հայաստան կ՛այցելէ, եւ նախորդ տարիներուն արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ծաւալած է Իլ Տը Ֆրանսի եւ Հայաստանի տարբեր շրջաններու եւ մարզերու միջեւ: Ըստ անոր, Ֆրանսան եւ յատկապէս Իլ Տը Ֆրանսի հայ համայնքը ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւին Հայաստանի իրադարձութիւններուն, եւ Ֆրանսայի ժողովուրդը կ՛ուզէ կարելի եղածին չափ աջակցիլ հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին, որպէսզի կրկին ոտքի կանգնի:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ յետպատերազմական իրավիճակին, առկայ մարդասիրական խնդիրներուն, Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ հայկական քրիստոնէական ու պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման խնդիրներուն:

Աւելի ուշ պատուիրակութիւնը այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ուր դիմաւորուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի կողմէ:

Պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը:

Այցելութեան աւարտին Վալերի Փեքրես շրջագայեցաւ Յիշողութեան պուրակին մէջ եւ ջրեց 2018-ին իր տնկած արծաթափայլ եղեւնին:

Նախորդը

Սահմանադրական Խորհուրդի Անորոշ «Որոշումը» Դուռ Բացաւ Զանազան Հարցականներու` Լիբանանի Իրավիճակին Եւ Յառաջիկայ Քայլերուն Գծով

Յաջորդը

Եւրոպական Միութեան Յատուկ Ներկայացուցիչը Հայաստանի Կողմէ 2 Ազրպէյճանցի Զինուորներու Յանձնումը Կը Նկատէ Մարդասիրական Կարեւոր Քայլ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.