Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճարտարարուեստի Արտադրութեանց Գործարարներուն Փոխատուութիւն Ապահովել Խոստանալով` Պուչիքեան. «Լիբանանեան Արտադրութիւններուն Մեծ Մասը Կը Վաճառուին Լիբանանի Մէջ»

December 22, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ լիբանանեան ճարտարարուեստի բարգաւաճման եւ  ծաղկումի կարելիութեան գծով: «Թէեւ ճարտարարուեստի 2021-ի արդիւնքներու ազդանշանները չբացայայտուեցան, սակայն կը նախատեսուի, որ այս տարի եւս արդիւնքները լաւ ըլլան», ընդգծեց նախարար Պուչիքեան` ակնարկելով երկրին մէջ վերջին տարիներուն տիրող տնտեսական տագնապին եւ լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկման հետեւանքով լիբանանեան արտադրութիւններու արտածման նահանջի երեւոյթին:

Փաստօրէն, հակառակ անցնող երկու տարիներուն Լիբանանի մէջ տիրած տնտեսական ու առողջապահական մտահոգիչ պայմաններուն, լիբանանեան ճարտարարուեստը յարաբերաբար աւելի լաւ վիճակի մէջ է: Արդարեւ, ոչ լիբանանեան ապրանքներու ներածման ֆինանսաւորումի չգոյութեան բերումով, լիբանանեան արտադրութիւններու արտածման դժուարութիւններուն լոյսին տակ, լիբանանեան սպառողական շուկային մէջ առաւել «փնտռուող» ապրանք նկատուեցան լիբանանեան տեղական արտադրութիւնները, ինչ որ զգալիօրէն զարկ տուաւ այս մարզի կայունացման:

«Լեպանոն 24» լրատուական կայքին հետ ունեցած հարցազրոյցին առիթով կատարած իր յայտարարութեանց ընթացքին նախարար Պուչիքեան անդրադարձաւ լիբանանցի գործարարներու կացութեան` խոստանալով ճարտարարուեստի փոքր ու միջին տարողութեամբ արտադրութիւններու գործարարներուն փոխատուութիւններ ապահովել: Ճարտարարուեստի նախարարը նաեւ հաստատեց, որ այս մարզի գործարաններու սեփականատէրեր իրենց պաշտօնեաներուն թէ աշխատաւորներուն փոխադրածախս կը յատկացնեն` ապահովելով անոնց արդիւնաւէտութեան շարունակականութիւնը:  Նախարար Պուչիքեան նաեւ արտայայտուեցաւ ճարտարարուեստի արտադրութեանց վաճառքով ամերիկեան տոլարի ներածման քայլերուն մասին, ինչ որ իր դրական հետեւանքը կ՛ունենայ այս մարզի ծաղկումին գծով:

Իր կարգին, ճարտարարուեստի սեփականատէրերու ընկերակցութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայել լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ ճարտարարուեստի մարզին յառաջդիմութեան կարելիութեանց գծով: Ըստ Ժեմայելի, համաշխարհային տիպի արտադրութիւններ կը պատրաստուին լիբանանեան գործարաններու կամ աշխատավայրերու մէջ, ինչ որ իր կարգին կը խթանէ օտար, յատկապէս` ամերիկեան դրամանիշի մուտքը լիբանանեան շուկայ:

Հանդիպում Հաշուեքննութեան
Կեդրոնական Վարչութեան Նախագահին Հետ

Միւս կողմէ, ճարտարարուեստի նախարարը երէկ` երեքշաբթի, 21 դեկտեմբերի յետմիջօրէին աշխատանքային նիստ մը գումարեց Հաշուեքննութեան կեդրոնական վարչութեան նախագահ դատաւոր Ժորժ Աթիէի ներկայութեամբ նախարարութեան եւ տեսչութեան պատասխանատուներուն հետ: Այս առիթով խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ճարտարարուեստի նախարարութեան մէջ վարչական գործողութիւններու եւ  կարգաւորումներու թուայնացման կարելիութեան վրայ` գործակցաբար «Իմփաքթ» ելեկտրոնային հարթակին: Այս մասին նախարարութեան մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը յայտնեց, թէ համաձայնութիւն գոյացած է միացեալ պատասխանատու յանձնախումբի կազմութեան եւ այս ծրագիրի գործադրութեան քայլերուն ու անոր իրականացման փուլերուն շուրջ:

 

Նախորդը

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Համեստութեան Իշխան, Իշխան Մուրատեան

Յաջորդը

«Շիի Երկեակին» Դէմ Բացայայտ «Յարձակումով». Պասիլ. «Պատահածը Նախագահի Լիազօրութեան Եւ Կանոնադրութեան Դէմ Հարուած Էր»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.