Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգային «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. «Նոր Տարի, Նոր Յոյս» Հաւաքական Ցուցահանդէսի Առցանց Բացում

December 18, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 16 դեկտեմբեր  2021-ին, առցանց բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին կազմակերպած «Նոր տարի, նոր յոյս» նիւթով հաւաքական ցուցահանդէսին: Ցուցահանդէսին կը մասնակցին Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ արտերկրէն 120 վաստակաշատ, ինչպէս նաեւ երիտասարդ տաղանդաւոր արուեստագէտներ:

Համազգայինի ցուցասրահի հիմնադրութեան տասնամեակին առիթով կայանալիք ցուցահանդէսին, որ օրին յետաձգուած էր Լիբանանի դիմագրաւած առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամին պատճառով, ցուցասրահին հետ գործակցած արուեստագէտները իւրաքանչիւրը մէկ արուեստի գործ նուիրելով իր երախտագիտութիւնը յայտնած էր: Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք նաեւ կարգ մը արուեստագէտներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ցուցասրահին եւ տրամադրեցին արուեստի մէկական գործեր: Այս բոլորին հանրագումարը կազմեց 120 արուեստի գործ, եւ այս ցուցահանդէսով անոնք դրուեցան արուեստասէր հանրութեան տրամադրութեան տակ:

Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքին մէջ առաջին առիթով անդրադարձաւ ցուցասրահի բարերար արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի կորուստին եւ անոր ունեցած մեծ դերակատարութեան` ցուցասրահի աւելի քան 11-ամեայ երթին մէջ: Ան յիշատակեց նաեւ ցուցասրահին հետ համագործակցած արուեստագէտները, որոնք անցնող երկու տարիներուն զոհ դարձան «Քորոնա» ժահրի համավարակին:

Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի մասնակից բոլոր արուեստագէտներուն, ինչպէս նաեւ այս ծրագիրի իրագործման իր հիմնական նպաստը բերած Հայ նկարիչներու կեդրոնի եւ Հայ կերպարուեստի հիմնադրամի նախագահ Խաչիկ Աբրահամեանին: Ան հաստատեց, որ արուեստագէտներու կողմէ կատարուած այս սիրայօժար նախաձեռնութիւնը փաստօրէն մշակոյթի ճամբով զօրակցութեան արտայայտութիւն է լիբանանահայ գաղութի եւ անոր մշակութային առաքելութեան շարունակականութեան: Հաւաթեան աւելցուց, որ մեկնելով ներկայ տնտեսական դժուարութիւններէն եւ յատուկ այս առիթին համար որոշուած է առիթ ընձեռել արուեստասէրներուն`  մատչելի արժեգիներով արուեստի գործ մը ունենալու:

Իր խօսքի աւարտին ցուցասրահի տնօրէնը յոյս յայտնեց, որ Նոր տարուան հետ կարելի կ՛ըլլայ վերադառնալ աշխատանքային բնականոն հուն եւ ցուցասրահին վերադարձնել արուեստով եռուն կեանքի մթնոլորտն ու գործունէութիւնը: Ան անդրադարձաւ նաեւ Լիւսի Թիւթիւնճեանի մահուան առիթով Թիւթիւնճեան ընտանիքին եւ Համազգայինի ցուցասրահին կողմէ ստեղծուած «Լիւսի Թիւթիւնճեան» արուեստի ֆոնտին, որ հիմնականին մէջ կը նպատակադրէ երիտասարդ սերունդի կերպարուեստի բնագաւառին մէջ հետաքրքրութիւնները պեղել ու անոնց տաղանդը քաջալերել եւ զարգացնել:

Գեղարուեստական բաժինով իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտ Սելլա Սվաքճեան:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 16 յունուար, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:

 

Նախորդը

Ծերանալ Մերժող Սամուէլ Մկրտիչեանը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.