Մինչ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուէր Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի եւ Քաթարի շէյխ Թամիմ իշխանի միջեւ հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը:
Սէուտական-քաթարեան միացեալ հաղորդագրութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ պէտք է գործադրուին ամբողջական բարեկարգումներ, ինչպէս նաեւ պէտք է երաշխաւորել, որ Լիբանան չդառնայ այն վայրը, ուրկէ կրնան բռնկիլ այնպիսի շարժումներ, որոնք կրնան շրջանին ապահովական կայունութիւնը ցնցել:
Իր կարգին, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան յայտնեց, որ սէուտցիներուն եւ լիբանանցիներուն միջեւ տագնապ չկայ, այլ` Հըզպալլայի եւ լիբանանցիներուն միջեւ: «Իսկ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է մեզի աշխատանք ցոյց տայ եւ ոչ թէ խոստումներու սահմաններուն մէջ մնայ», շեշտեց ան:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Գահիրէ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի, եգիպտացի իր պաշտօնակիցին` Մուսթաֆա Մատպուլիի եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ:
Վարչապետ Միքաթի դիմաւորուեցաւ Եգիպտոսի վարչապետ Մատպուլիի կողմէ:
Միքաթիին ընկերակցող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հալապի եւ Միքաթիի դիւանագիտական խորհրդական դեսպան Պութրոս Ասաքեր:
Վարչապետ Միքաթի Գահիրէի մէջ իր հանդիպումներուն սկսաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ` ներկայութեամբ Մատպուլիի, արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի եւ գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Քամելի:
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Սիսի շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի քաղաքական միասնականութեան, որպէսզի կարենայ ինքզինք դուրս բերել իր դիմագրաւած տագնապէն եւ վերահաստատել արաբական աշխարհի փարոսը ըլլալու իր իրականութիւնը:
Սիսի հաստատեց, որ Եգիպտոս ամէն իմաստով եւ բոլոր մարզերուն մէջ պատրաստ է զօրակցելու ու օժանդակելու Լիբանանին` աւելցնելով, որ ինք յստակ ցուցմունքներ տուած է համապատասխան բոլոր նախարարութիւններուն` ընդառաջելու Լիբանանի պահանջներուն եւ գործադրելու զանոնք` կարողութիւններուն համաձայն:
Սիսի բարձր գնահատեց լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները` հաստատելով, որ Եգիպտոս յանձնառու կը մնայ Լիբանանի անվտանգութեան եւ ապահովական կայունութեան:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի բարձր գնահատեց Գահիրէի ի գործ դրած ջանքերը, որպէսզի միջազգային ընտանիքին կիզակէտը դառնայ Լիբանանը եւ կարելի ըլլայ միջազգային օժանդակութիւն տրամադրել երկրին:
Միքաթի հաստատեց, որ լիբանանցիները դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուին` թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական առումով:
Ան շեշտեց երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի եգիպտացի իր պաշտօնակիցին` Մատպուլիի հետ քննարկեց փոխադարձ գործակցութիւնը զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի հետ` ներկայութեամբ ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զաքիի, Արաբական լիկայի արաբական հարցերու եւ քաղաքացիական ապահովութեան նախագահ Խալիլ Զաուատիի, ինչպէս նաեւ այլ պատասխանատուներու:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Ապուլ Ղէյթի, որ մնայուն կերպով կը զօրակցի Լիբանանին, ինչպէս նաեւ արաբական աշխարհին զօրակցութիւնը կը փորձէ ապահովել անոր նկատմամբ:
Միքաթի բարձր գնահատեց Ապուլ Ղէյթի ջանքերը` տեսակէտներու մերձեցում կատարելու Լիբանանի եւ արաբական երկիրներու միջեւ, որպէսզի արաբական երկիրները ըմբռնեն Լիբանանի կեցուածքը:
Միքաթի յայտնեց, որ Արաբական լիկան պէտք է ըլլայ այն վայրը, ուր կը խմբուին բոլոր ջանքերը եւ ուր կը հաշտուին բոլորը:



