Ազրպէյճանական կողմի բոլոր զինուորները, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գերեվարուած էին, ռուս խաղաղապահներուն աջակցութեամբ վերադարձուած են, ներկայիս կը շարունակուին գերեվարուած հայ զինուորներու վերադարձին ուղղութեամբ աշխատանքները: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Ռուսիոյ Հարաւային զինուորական շրջանի հրամանատարի տեղակալ Ռուսթամ Մուրատով:
«Այսօրուան դրութեամբ, ազրպէյճանական կողմի բոլոր զինուորները վերադարձուած են, իսկ հայ պատերազմական գերիներու վերադարձի հոլովոյթը կը շարունակուի, գոյութիւն ունի դրական ըմբռնում: Կը կարծեմ` այդ հարցը պէտք է ամբողջութեամբ փակուի: Ռուս խաղաղապահները գործը աւարտին պիտի հասցնեն», ըսած է Մուրատով:
Ան նշած է, որ գերիներու վերադարձին առնչուած աշխատանքը կը նկատէ խաղաղապահի քաղաքացիական պարտքը:
«Իբրեւ զինուորական, ես կը հասկնամ, թէ որո՛նք են պատերազմական գերիները, անոնք ի՛նչ զգացումներ ունեցած են: Ես կը յիշեմ առաջին թռիչքը դէպի Պաքու, երբ գերիները կը վերադարձնէինք Երեւան: Օդանաւը էջք կատարեց Երեւանի մէջ` «Էրեբունի» օդակայանին մէջ: Արցունքներ էին, անոնք չէին հաւատար, որ տուն վերադարձած են», պատմած է Մուրատով:



