Նախկին նախարար Ժորժ Քըրտահի յայտնեց, որ հրաժարելու իր որոշումը անձնական էր` աւելցնելով, որ ինք բնաւ կառչած չէ եղած նախարարութեան:
Ան նշեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնած էր, թէ ինք կը զօրակցի իմ որոշումիս, ինչ որ ալ ըլլայ ան:
Քըրտահի յայտնեց, որ ինք բոլորէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի` նկատել տալով, որ Հըզպալլա անդրադարձաւ, որ իր կեցուածքը գերիշխանական է եւ այդ պատճառով ալ զօրակցեցաւ իրեն: «Կը մաղթէի, որ բոլորը գերիշխանական ըլլային», շեշտեց ան:
Քըրտահի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի չպատասխանեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հեռաձայնային հաղորդակցութեան: «Ռայի պատրիարքին յայտնեցի, որ հրաժարականս իր տրամադրութեան տակ թող նկատէ, եթէ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման առումով երաշխիքներ գոյանան», ըսաւ ան:



