Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապիատ Հաստատեց, Որ Լիբանանի Մէջ Առողջապահական Վիճակը Վտանգաւոր Դարձած Է

December 6, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի 5 դեկտեմբերին Լիբանանի մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն թիւը 1654 էր, իսկ մահերունը` 10:

Առողջապահութեան նախարար Ֆիպաս Ապիատ զգուշացուց տիրող կացութենէն` շեշտելով, որ Լիբանանի առողջապահական կացութիւնը արդէն բաւական վտանգաւոր դարձած է` օրական դրութեամբ «Քորոնա»-ով վարակուածներու թիւին մնայուն աճով: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի հիւանդանոցները արդէն իսկ անկարող են «Քորոնա»-ով վարակուած այս մեծաթիւ հիւանդները ընդունելու եւ անոնց անհրաժեշտ խնամքը տրամադրելու: Նախարար Ապիատ ըսաւ, որ վիճակը աւելի պիտի վատթարանայ, եթէ լիբանանցիները համապատասխան եւ մնայուն կերպով թելադրուող նախազգուշութիւններուն չդիմեն` ժահրի առաւել տարածումը կասեցնելու համար:

Ֆիպաս Ապիատ յայտնեց, որ Լիբանան պատուաստումէն բացի այլընտրանք չունի ժահրի արագ եւ վտանգաւոր տարածումը կասեցնելու համար` հաստատելով, որ նախարարութիւնը տարբեր ձեւերու պիտի դիմէ քաղաքացիները պատուաստուելու մղելու, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքական դիմադրողականութիւն ապահովել:

«Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի ազգային յանձնախումբի նախագահ Ապտել Ռահման Պըզրի իր կարգին ահազանգ հնչեցուց եւ յայտնեց, որ թիւերը սրընթաց աճ կ՛արձանագրեն` աւելցնելով, որ ասոր պատճառները բազմաթիւ են, հիմնականը նկատելով ձմրան եղանակը, երբ համախմբումները ընդհանրապէս փակ վայրերու մէջ տեղի կ՛ունենան: Ան նաեւ շեշտեց, որ կացութիւնը կը վտանգուի, որովհետեւ պատուաստուածներուն տոկոսը բաւական ցած է, իսկ լիբանանցիները նախազգուշական անհրաժեշտ քայլերուն չեն դիմեր:

«Քորոնա» ժահրի նոր տեսակին` «Օմիքրոն»-ի մասին խօսելով` Պըզրի հաստատեց, որ անիկա շատ արագ կը տարածուի, բայց եւ այնպէս տակաւին անհրաժեշտ տուեալները չկան աւելի մանրամասն խօսելու այս տեսակին մասին, իսկ վարակուածներ դիտել տուին, որ «Օմիքրոն»-ին ախտանշանները շատ ծանր չեն: Անոր համաձայն, ուսումնասիրութիւնները ընթացքի մէջ են, եւ յոյս կայ, որ շուտով յաւելեալ տեղեկութիւններ կը ստացուին այս մասին:

 

Նախորդը

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Եւ Քաղաքական Ժողովներու Միացեալ Հանդիպում` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հրաւիրեց Խոր Երկխօսութեան` Երկիրը Վերականգնելու Քայլերը Քննարկելու

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.