Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունական Կողմի Պատասխանը Ազրպէյճանական Հակահայ Ծանուցումներուն

December 2, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ազատ օր» իր 1 դեկտեմբեր 2021-ի թիւով կը գրէ. «Մեր նախորդ թիւերով հաղորդած էինք ազրպէյճանական հակահայ արարքներուն մասին` Թեսաղոնիկէի հանրային փոխադրական միջոցներուն վրայ:

Օրին, ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը դիմած էր Թեսաղոնիկէի պետական հաստատութեան եւ քարոզչական ծրագիրի պատասխանատուներուն` պահանջելով ծանուցումներուն չեղեալ յայտարարուիլը, ինչպէս նաեւ բացատրութիւններ` ազրպէյճանական շրջանակներուն կողմէ կատարուած հակահայ արշաւին մասին:

Նախ եւ առաջ, Հայ դատի յանձնախումբը նամակ ստացաւ Թեսաղոնիկէի հանրային փոխադրութեան պետական կառոյցին կողմէ. նամակին մէջ հաստատութիւնը կը յայտնէ, թէ հանրակառքերու գովազդային ծրագիրը յանձն առած է ընկերութիւն մը, եւ իրենց սպասարկութիւնները տեղեակ չէին խնդիրէն: Հաստատութեան կողմէ ցաւ կը յայտնուի կատարուած արարքին առնչութեամբ եւ կը նշուի, թէ անմիջական հրահանգ տրուեցաւ վար առնելու տուեալ ծանուցումը: Հայ դատի յանձնախումբը նամակ մը եւս ստացաւ, ստորագրուած` «Ինթըրպաս» գովազդային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնին կողմէ, որ վերջին տարիներուն յանձն առած է Թեսաղոնիկէի հանրակառքերուն վրայ ծանուցումներու տեղադրման ծրագիրը: Ընկերութեան տնօրէնը կը հաստատէ, որ համաձայնութիւն կնքուած էր «Յոյն-ազրպէյճանական միութեան» (ՔԱԼԱ) հետ` ծանուցում մը զետեղելու միայն մէկ հանրակառքի վրայ:

Նամակին մէջ նշուած է, թէ «ընկերութիւնը Թեսաղոնիկէի փոխադրական հաստատութեան տնօրէնին կողմէ տեղեակ պահուեցաւ ազրպէյճանական գրգռիչ քարոզչական արարքներուն մասին, որոնք կատարուեցան ազերիամէտ շրջանակներէ, ինչպէս նաեւ իմացաւ Թեսաղոնիկէի բազմամարդ հայ համայնքի եւ այլ շրջաններու համայնքներու իրաւական եւ հասկնալի հակազդեցութեան մասին»:

Ընկերութեան ներկայացուցիչը կը յայտնէ, թէ գովազդային ծրագիրը անմիջապէս չեղեալ նկատուեցաւ, եւ յոյն-ազրպէյճանական միութիւնն ալ տեղեակ պահուեցաւ, թէ արգիլուած է քաղաքական բովանդակութեամբ ծանուցումներու տարածումը: Ընկերութիւնը նաեւ կ՛ընդգծէ, թէ ծանուցումը միայն մէկ հանրակառքի վրայ երեւցած է, իսկ անկէ անդին ընկերութիւնը որեւէ պատասխանատուութիւն չունի ծանուցումներու մասին, որոնք եղած են կանգառներու վրայ կամ այլ բացօթեայ վայրերու մէջ: Նամակի աւարտին, ընկերութիւնը կը խնդրէ հանրութեան ներողամտութիւնը` նշելով, որ ցաւալի արարքը տեղի ունեցաւ առանց որեւէ նենգ կամ միտումնաւոր պատճառի իրենց կողմէ»:

 

 

Նախորդը

Լաւրով. «Ռուսիա Կը Շարունակէ Իր Ուշադրութեան Կիզակէտը Պահել Շրջանային Տարբեր Տագնապները»

Յաջորդը

Մոսկուայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Փոխվարչապետներու Հանդիպումը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.