Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ական Գրիչի Ու Միտքի Մեծ Երախտաւոր Սամուէլ Մկրտիչեանի Կորուստը

December 1, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ական մարդու ապրումներով» ամբողջ դար մը բոլորելէ ետք, 25 նոյեմբեր 2021-ին իր պաշտելի միութեան եւ ժողովուրդին հրաժեշտ տուաւ ՀՄԸՄ-ի երիցագոյն սերունդի վերջին ներկայացուցիչներէն Սամուէլ Մկրտիչեանը, որուն անունը սերտօրէն կապուեցաւ ՀՄԸՄ խօսքին ու գիրին, գրիչին ու միտքին: Ան, որ աւելի քան կէս դար ՀՄԸՄ-ը եւ իր նուիրեալները ապրեցուց յուշագրութիւններով եւ տպաւորապաշտ գրութիւններով:

ՀՄԸՄ-ի «Արժանեաց» շքանշանակիր Սամուէլ Մկրտիչեան ծնած էր 1922-ին, սասունցի ծնողքէ, Մուֆարղինի` պատմական Տիգրանակերտի մէջ: Վեց տարեկանին ծնողքին հետ ան անցած է Հալէպ, Սուրիա:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ֆրանսիսքան միաբանութեան Թեր Սենթ դպրոցին մէջ, որմէ ետք ինքնաշխատութեամբ յաջողած է կեանքի ասպարէզ մուտք գործել եւ ոսկերչութեան արհեստը կիրարկել:

Սամուէլ Մկրտիչեանի ՀՄԸՄ-ական գործունէութիւնը կ՛ընդգրկէ Սուրիան, Լիբանանը եւ Արեւմտեան Մ. Նահանգները: ՀՄԸՄ մուտքը կը կատարուի 1933-ին, սկաուտութեան ճամբով: 1937-ին ան մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի «Եռագոյն» ֆութպոլի երկրորդական խումբին: Կարճ ժամանակ մը կը խաղայ նաեւ «Արծիւ» խումբէն, ապա մաս կը կազմէ «Նաւասարդ» խումբին, որուն հետ կը շահի Հալէպի երկրորդական խումբերու ախոյեանութիւնը:

1944-ին Սամուէլ Մկրտիչեան կը հրաւիրուի ՀՄԸՄ-ի Հալէպի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբ եւ 1945-1946 տարիներուն քանի մը մրցում կը կատարէ խումբին հետ: Այնուհետեւ ան երկար տարիներ կը կատարէ իրաւարարութիւն` ՀՄԸՄ-ի Հալէպի երկրորդական խումբերու եւ միջմասնաճիւղային մրցումներու ընթացքին:

1960-ականներու սկիզբը Սամուէլ Մկրտիչեան կը հաստատուի Պուրճ Համուտ, Լիբանան եւ 1967-ին, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի ֆութպոլի պատասխանատուի հանգամանքով, ան մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի Լիբանանի ներկայացուցչական խումբի առաջին թեքնիք յանձնախումբին, ուր կը գործէ մինչեւ 1984: Շրջան մը ան կ՛ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչական եւ փոխատենապետ:

Ֆութպոլիստի, իրաւարարի եւ վարչական պատասխանատուի իր կարողութիւններուն կողքին, Սամուէլ Մկրտիչեան կանուխէն կը ցուցաբերէ գրական շնորհներ: Իբրեւ մարզական թղթակից` ան կ՛աշխատակցի «Արեւելք Մարզաշխարհ»-ին: Իր առաջին թղթակցութիւնները կը կրեն 1946 թուականը: Տարիներու ընթացքին ան ՀՄԸՄ-ի մասին 200 յօդուած կը գրէ Հալէպի «Արեւելք», «Արեւելք Մարզաշխարհ», Պէյրութի «Ազդակ», ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Մարզիկ», Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» եւ «Նոր Կեանք» թերթերու էջերուն: 1982-1983 ան կը վարէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային մամլոյ յանձնախումբին ատենապետութիւնը:

Սամուէլ Մկրտիչեան 1986-1996 կը նուիրուի գեղարուեստական գրականութեան` գրելով պատմուածքներ եւ յուշեր: 1988-ին ան լոյս կ՛ընծայէ «Հողին կանչը» խորագրեալ պատմուածքներու իր Ա. հատորը, 1996-ին` «Օտար ճամբաներու վրայ» պատմուածքներու Բ. հատորը, 2002-ին` «ՀՄԸՄ-ական մարդու ապրումներ» յուշագրական հատորը, իսկ 2013-ին`«Երգեր ու վէրքեր» յուշագրական Բ. հատորը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին բերումով, Սամուէլ Մկրտիչեան 1988-ին կը հաստատուի Մ. Նահանգներ եւ կ՛անդամակցի ՀՄԸՄ-ի Լոս Անճելըսի մայր մասնաճիւղին: Միաժամանակ, ան կը շարունակէ գրական իր գործունէութիւնը եւ կ՛անդամակցի Հայաստանի Գրողներու միութեան եւ կը վարէ Լոս Անճելըսի անոր նորաստեղծ մասնաճիւղին ատենապետութիւնը:

1994-ին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը գնահատելով եղբօր միութենական երկարամեայ գործունէութիւնը` զայն կը պարգեւատրէ «Ծառայութեան» շքանշանով: Չորս տարի ետք, միութեան 80-ամեակին, ան կ՛արժանանայ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան «Արժանեաց» շքանշանին:

Եղբ. Սամուէլ Մկրտիչեան մինչեւ խոր ծերութիւն հաւատարիմ կը մնայ ՀՄԸՄ-ի ազգային-գաղափարական արժէքներուն եւ գրեթէ մինչեւ վերջ կը մասնակցի միութենական կեանքին:

Նախորդը

Միտք, Խիղճ Եւ Հաւատք

Յաջորդը

Շողիկին «Երազ»-ը

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.