Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Քոնկրեսականներու Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանան

November 24, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներու պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Տերիլ Իսա, Տարին Լահուտ եւ Լիբանանի օժանդակութեան (Թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն) խմբաւորումի նախագահ Էտ Կապրիէլ, այցելեց Լիբանան, ուր անոնք, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, հանդիպումներ ունեցան իշխանութեան պետերուն եւ պետական անձնաւորութիւններու հետ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան սկսած է տնտեսական իր տագնապէն դուրս գալու երթին` Միջազգային դրամական ֆոնտէն վարկ ստանալու նպատակով անոր հետ բանակցելու ծրագիր մը մշակելու ընդմէջէն:

Նախագահ Աուն աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան կ՛աշխատի ելեւմտական եւ դրամատնային իր դրութեան մէջ բարեկարգումներ իրականացնել` ճշդելէ ետք նիւթական պարտաւորութիւններն ու վնասները:

«Այս բոլորին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ երկրին ելեւմտական հաւասարակշռութիւնը վերահաստատել», ըսաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով նաեւ, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները պիտի ենթարկուին իրաւական հաշուեքննութեան:

Նախագահ Աուն ողջունեց ամերիկեան վարչակազմին դերակատարութիւնը` Եգիպտոսէն, Յորդանանէն եւ Սուրիայէն բնական կազ եւ ելեկտրական հոսանք Լիբանան հասցնելու աշխատանքը դիւրացնելու իմաստով:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, կը յարգէ սահմանադրութեամբ ճշդուած բոլոր ժամկէտները` նկատել տալով, որ մօտիկ ապագային կառավարութիւնը պիտի սկսի իր նիստերը գումարել:

Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Ամերիկացի քոնկրեսականները վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Վարչապետ Միքաթի բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ անոր բանակին: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ միջազգային բանաձեւերը գործադրելու եւ երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու:

Ամերիկեան պատուիրակութիւնը ընդգծեց, որ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Լիբանանին եւ ամէն իմաստով օժանդակել Լիբանանի կառավարութեան ի գործ դրած ճիգերուն:

Քոնկրեսականները անհրաժեշտ նկատեցին ներքին լիբանանեան քաղաքական տարակարծութիւններուն վերջ մը դնել, որպէսզի կարելի ըլլայ կեդրոնանալ երկրին տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն բարելաւումին վրայ:

Ամերիկացի քոնկրեսականներու պատուիրակութիւնը այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի` հաստատելով, որ ճիգ չի խնայուիր երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու ճշդուած թուականին` թափանցիկութեամբ եւ պարկեշտութեամբ:

Պատուիրակութիւնը այցելեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումիի:

Հանդիպումին ընթացքին Մախզումի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը այսօր կը գտնուի Հըզպալլայի հակակշիռին տակ` ցաւ յայտնելով Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ստեղծուած տագնապին համար:

Մախզումի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի ըլլան առիթ մը, որուն ընթացքին լիբանանցիները ըմբոստութիւն մը պիտի կազմակերպեն քաղաքական դասակարգին դէմ:

 

Նախորդը

Պըրրի Ռուտաքովի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ալլաուին Եւ Շարունակեց Քննարկել Լիբանանի Կառավարութեան Տագնապին Լուծման Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.