Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Առանցք Փոխելու Վտանգները

November 24, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի քաղաքական շահերը տարիներու ընթացքին պահպանուած են տարածաշրջանի դաշնակիցներուն, արեւմտեան եւ արեւելեան երկիրներու հետ հաւասարակշռուած յարաբերութեանց շնորհիւ: Կարելի չէ պատկերացնել Հայաստանի ապահովութիւնը` առանց տարածաշրջանի գերպետութիւններու հետ հաւասարակշռուած քաղաքականութեան, դիւանագիտական գերզգայուն յարաբերութեան պահպանման:

Արեւմուտքի հետ եւս Հայաստան տարիներ շարունակ պահպանած է դրական յարաբերութիւններ, ստորագրած է գործակցութեան համաձայնագիր` նկատի ունենալով Հայաստան-Եւրոպա աշխարհագրական առնչութիւններն ու քաղաքական  փոխազդեցութիւնները: Այս յարաբերութիւններու հանրագումարին շնորհիւ` նաեւ պահպանուած են Արցախի ազատագրական պայքարով ձեռք բերուած անկախութիւնն ու համեմատական ապահովութիւնը:

Աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներուն պատճաով, ՕԹԱՆ-ն Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ միջամտութեամբ ազդեցութիւն բանեցնելու եւ ռուսական ազդեցութիւնը տկարացնելու ճիգին մէջ է վերջերս` առանց նկատի ունենալու Թուրքիոյ փանթուրքական ծրագիրները, որոնց քողարկուած զարգացումով Թուրքիան, ՕԹԱՆ-ն եւս շրջանցելով, թրքացեղ երկիրներու միացման ու տարածաշրջանին մէջ գերպետութեան վերածուելու կը ձգտի:

Հայաստանի` դէպի Արեւմուտք կտրուկ թեքումն ու ռուսական գործօնին անտեսումը, այդ ալ` թրքական ներկայութեան զարգացման հաշուոյն, բարիդրացիական սին հեռանկարներով, պատճառ դարձաւ ու պիտի դառնայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան աստիճանական կորուստին, տարածքներու բռնագրաւման` ազրպէյճանա-թրքական ուժերու կողմէ: Աւելի՛ն. ինքնիշխան Հայաստանի ազատ շարժումը, իր աշխարհաքաղաքական դիրքին ի նպաստ հայկական շահերու օգտագործումը աստիճանաբար պիտի նսեմանան, որովհետեւ անտեսելով որոշ ուժեր եւ թեքելով այլ ուժերու կողմ` Հայաստան պիտի դառնայ մրցակից ուժերու շահերու բախման զոհը: Արցախի 75 առ հարիւրին կորուստը, Հայաստանի վերջերս ունեցած մէկէ աւելի դիրքերու կորուստը այդ կը վկայեն:

Աւելի՛ն. գերպետութիւններու հետ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելու կողքին, այնքան անտեսուած կը թուի ըլլալ Հայաստանի ուժերուն պատրաստուածութիւնն ու գերլարումը: Սպաներու հրահանգներ կը տրուին նահանջելու, թշնամիին կրակոցներուն չհակադարձելու, խաղաղութեան սին յոյսեր կը փայփայուին մեր երկրի տարածքներու կորուստին հաշուոյն եւ, այսպէս, քայլ առ քայլ կը չքանայ սեփական ուժերու վստահելով ճակատագիր կերտելու հեռանկարը:

Այս ընթացքն է ամէնէն վտանգաւորը, որուն հետեւանքներուն օրէ օր ականատեսը կը դառնանք` գործող իշխանութիւններու պատեհապաշտ քաղաքականութեան շնորհիւ:

Ո՛չ օտարը հայուն հողը պիտի պաշտպանէ, ո՛չ ալ յարձակողապաշտ անցեալով ծանօթ Հայաստանի դրացիները զիջումներու դիմաց խաղաղութիւն պիտի նուիրեն մեր երկրին: Պատմութեան մէջ այս երկու պարագաներուն արդիւնքները արձանագրուած են: Խաղաղութիւնը ոչ ոք կը նուիրէ Հայաստանին` իր որդիներէն բացի, իսկ Հայաստանի տարածքներուն հաշուոյն քաղաքական ուղղութիւն փոխելը քաոսի կրնայ վերածել մեր երկիրն ու անոր ապահովական ողջ համակարգը:

Նախորդը

Արցախցի Եւ Միշտ Արցախ Բնակող Բանաստեղծի Ընդվզելու Կոչի Հետքերով

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Փոխլրացնող Զուգահեռներ` Անվտանգութիւն, Բարեկեցութիւն Եւ Արդարութիւն

RelatedPosts

Ամէն Տարի Այս Օրերուն
Անդրադարձ

Ամէն Տարի Այս Օրերուն

September 19, 2026
Վերաթարմացուող Պատգամ
Անդրադարձ

Վերաթարմացուող Պատգամ

September 19, 2026
Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ
Անդրադարձ

Դիմադրութեան Շուքին Տակ Մեծցած Մանուկներ

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.