Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Հեռակառավարուող Ընտրութիւնները Հարուած` Լիբանանի Անկախութեան (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 20, 2021
| Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բարդ, անորոշ եւ անհեռանկար պայմաններու մէջ Լիբանան կը նշէ իր անկախութեան 78-ամեակը:

Անկախութիւնը ամէնէն առաջ կը սահմանուի գերիշխանութեամբ, որ կ՛երաշխաւորուի սահմաններու պահպանումով, անսասանութեամբ: Նախ եւ առաջ ուրեմն բանակին կը վերագրուին անկախութեան գլխաւոր երաշխաւորի գործառոյթները:

Իրաւական առումով անկախութիւնը միջազգային ընտանիքի անդամակցութիւնն է եւ անկախ պետութիւն ըլլալու հանգամանքի միջազգային ճանաչումը:

Ընդունելով հանդերձ մեր սահմաններուն դէմ կատարուող ցամաքային, ծովային թէ օդային ոտնձգութիւններու իրականութիւնը կամ տարածքային ամբողջականութեան ոչ լիարժէք յարգումը, այդուհանդերձ պէտք է նշել, որ բանակը հիմնականին մէջ կը կատարէ իր առաքելութիւնը` պահպանելով սահմաններու վերահսկողութիւնը:

Միջազգային ընտանիքին մէջ թէեւ չեն լսուիր Պէյրութի բարձրացուցած խնդիրները, այնուամենայնիւ պէտք է արձանագրել, որ Լիբանանը միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ բնականաբար ճանչցուած անդամ պետութիւն է:

Այստեղ սակայն իրաւական անդամակցութիւնը չի նշանակեր անդամակցութեան բոլոր կանոններու իրագործում, յատկապէս միջազգային հանրութեան կողմէ: ՄԱԿ-ը խաղաղապահ առաքելութիւն կ՛իրականացնէ հարաւային Լիբանանի մէջ անդորրութիւն հաստատելու նպատակով, միաժամանակ լուռ կ՛անցնի Լիբանանը տնտեսական-քաղաքական պաշարման ենթարկող բոլոր գործողութիւններէն:

Մարդու իրաւունքներու ոտնահարումը` քաղաքացիին ցնցոտիացման լայնածաւալ գործընթացներով, չ՛արժանանար համապատասխան արձագանգի, եւ միջազգային ընտանիքը կ՛ենթարկուի երկիրն ու ժողովուրդը տնտեսապէս արիւնաքամ ընելու գերտէրութիւններու ծրագիրներուն:

Անկախութիւնը, մանաւանդ արժանապատիւ անկախութիւնը, մարդկային կենսական ապրելաձեւը ապահովելու եւ մանաւանդ զարգացման միջոցները տրամադրելու պետական աշխատանքին հետ կապուած գաղափար է անպայման:

Լիբանանեան պետութեան դէմ ըստ էութեան կը կիրարկուին պատժամիջոցներ` զրկելու համար երկիրն ու քաղաքացին զարգացման առաջնորդելու քաղաքականութեան կարելիութիւններէն:

Տնտեսական օժանդակութիւնները կամ պաշարման վերացման որոշումները նախապայմանային են: Վարչակառավարման բարեկարգումը պատրուակային է. պահանջները քաղաքական են: Այլ խօսքով` կը հարուածեն երկրին անկախութիւնը եւ կը մղեն ամբողջ պետութիւնը ենթակայացումը ընդունելու: Աջակցութեան ծրագիրները եւս պայմանային են, եւ պատուհաններ կը բացուին իւրաքանչիւր պահանջի ընդառաջման պարագային միայն: Փուլ առ փուլ երկիրը կը կորսնցնէ իր անկախութիւնը: Ի վերջոյ անկախութիւնը կախեալութեան մերժումն է կամ իրատեսականօրէն` կախեալութեան նուազեցումը:

Տարբեր խնդիր, որ ներլիբանանեան գիտակցութիւնը եւս կը բացակայի անկախութեան, գերիշխանութեան պահպանման համար ամէնէն հիմնական օրակարգերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու եւ մանաւանդ պետական հաստատութիւններու գործունէութիւնները չարգելակելու: Կը թուի, որ այլեւս լիբանանեան օրինաչափութեան վերածուած են վարչապետի նշանակման, նշանակումէն ետք կառավարութեան կազմութեան  կամ կազմութենէն ետք կառավարութեան նիստերու գումարման երկարատեւ առկախումները:

Չկայ քաղաքական գիտակցութիւնը, որ նման առկախումներ կը հարուածեն երկրին անկախութիւնը: Աւելի քան պարզ է, որ հեռակառավարուիլը անկախութենէն, անկախ որոշում առնելու տարրական իրաւունքէ ինքնահրաժարում է: Գործընթացները սակայն հեռու են քաղաքական գիտակցութեան այս մօտեցումներէն:

Համայնքային համակարգի արմատական փոփոխութիւնը, խորհրդարանական ընտրութիւնները կայացնելու ճնշումները, այս կամ այն դատաւորին յանդգնութիւնը լուսարձակի տակ բերելը կամ պայմանական եւ քաղաքական նպատակներով կատարուող տարբեր բնոյթի օժանդակութիւնները լիբանանեան օրակարգեր չեն: Ներածուած կարգախօսներ, շարժումներ, պնդումներ, պայմաններ են, գուցէ լիբանանեան տեսք ստացած ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ճամբով, գուցէ յեղափոխութիւն անունին տակ ձեւաւորուած շարժումներով, դասական քաղաքական դէմքերու դէմ բարոյազրկման եւ նկարագիրի սպանութեան դրսեւորումներով կը միտին էափոխել երկրին ու պետութեան հիմքերը:

Այս բոլորը կը հարուածեն երկրին անկախութիւնը: Արտաքին թելադրանքներէ ներշնչուած եւ գործնապէս աջակցութիւն ստացած փոփոխութեան շարժումը որքան ալ բարեկարգումի նպատակ ունենայ կը հարուածէ երկրին անկախութիւնը: Հիմա արդէն զգալի է եւ տեսանելի, որ հեռակառավարումով խորհրդարանական կազմ ձեւափոխելու ծրագիրներ առաջ կը քաշուին:

Այս բոլորը հարուած են` արդէն իսկ դիւրաբեկ անկախութեան: Գարնան, Լիբանանի քաղաքացին պիտի դրուի հեռակառավարուելու, հետեւաբար երկրին անկախութիւնը զիջելու եւ ինքնակառավարուելու, հետեւաբար երկրին անկախութեան կայացման նպաստելու ճակատագրական ընտրանքին առջեւ:

Նախորդը

Հանդիպում Լիբանանահայերու Հետ

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Կողմնակից Են Թուրքիոյ Հետ Համագործակցութեան Խորացման» Կ՛ըսէ Տոնֆրիտ

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Ակնարկ.  Նոյեմբերեան Ժամկէտներ  Եւ Չարտօնելու Երդումներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Նոյեմբերեան Ժամկէտներ Եւ Չարտօնելու Երդումներ

September 12, 2026
Ակնարկ.  Չյայտարարուած Սպառնալիքի  Դիմաց Եռակողմ Առանցք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Չյայտարարուած Սպառնալիքի Դիմաց Եռակողմ Առանցք

September 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.