Բարդ, անորոշ եւ անհեռանկար պայմաններու մէջ Լիբանան կը նշէ իր անկախութեան 78-ամեակը:
Անկախութիւնը ամէնէն առաջ կը սահմանուի գերիշխանութեամբ, որ կ՛երաշխաւորուի սահմաններու պահպանումով, անսասանութեամբ: Նախ եւ առաջ ուրեմն բանակին կը վերագրուին անկախութեան գլխաւոր երաշխաւորի գործառոյթները:
Իրաւական առումով անկախութիւնը միջազգային ընտանիքի անդամակցութիւնն է եւ անկախ պետութիւն ըլլալու հանգամանքի միջազգային ճանաչումը:
Ընդունելով հանդերձ մեր սահմաններուն դէմ կատարուող ցամաքային, ծովային թէ օդային ոտնձգութիւններու իրականութիւնը կամ տարածքային ամբողջականութեան ոչ լիարժէք յարգումը, այդուհանդերձ պէտք է նշել, որ բանակը հիմնականին մէջ կը կատարէ իր առաքելութիւնը` պահպանելով սահմաններու վերահսկողութիւնը:
Միջազգային ընտանիքին մէջ թէեւ չեն լսուիր Պէյրութի բարձրացուցած խնդիրները, այնուամենայնիւ պէտք է արձանագրել, որ Լիբանանը միջազգային տարբեր կազմակերպութիւններու մէջ բնականաբար ճանչցուած անդամ պետութիւն է:
Այստեղ սակայն իրաւական անդամակցութիւնը չի նշանակեր անդամակցութեան բոլոր կանոններու իրագործում, յատկապէս միջազգային հանրութեան կողմէ: ՄԱԿ-ը խաղաղապահ առաքելութիւն կ՛իրականացնէ հարաւային Լիբանանի մէջ անդորրութիւն հաստատելու նպատակով, միաժամանակ լուռ կ՛անցնի Լիբանանը տնտեսական-քաղաքական պաշարման ենթարկող բոլոր գործողութիւններէն:
Մարդու իրաւունքներու ոտնահարումը` քաղաքացիին ցնցոտիացման լայնածաւալ գործընթացներով, չ՛արժանանար համապատասխան արձագանգի, եւ միջազգային ընտանիքը կ՛ենթարկուի երկիրն ու ժողովուրդը տնտեսապէս արիւնաքամ ընելու գերտէրութիւններու ծրագիրներուն:
Անկախութիւնը, մանաւանդ արժանապատիւ անկախութիւնը, մարդկային կենսական ապրելաձեւը ապահովելու եւ մանաւանդ զարգացման միջոցները տրամադրելու պետական աշխատանքին հետ կապուած գաղափար է անպայման:
Լիբանանեան պետութեան դէմ ըստ էութեան կը կիրարկուին պատժամիջոցներ` զրկելու համար երկիրն ու քաղաքացին զարգացման առաջնորդելու քաղաքականութեան կարելիութիւններէն:
Տնտեսական օժանդակութիւնները կամ պաշարման վերացման որոշումները նախապայմանային են: Վարչակառավարման բարեկարգումը պատրուակային է. պահանջները քաղաքական են: Այլ խօսքով` կը հարուածեն երկրին անկախութիւնը եւ կը մղեն ամբողջ պետութիւնը ենթակայացումը ընդունելու: Աջակցութեան ծրագիրները եւս պայմանային են, եւ պատուհաններ կը բացուին իւրաքանչիւր պահանջի ընդառաջման պարագային միայն: Փուլ առ փուլ երկիրը կը կորսնցնէ իր անկախութիւնը: Ի վերջոյ անկախութիւնը կախեալութեան մերժումն է կամ իրատեսականօրէն` կախեալութեան նուազեցումը:
Տարբեր խնդիր, որ ներլիբանանեան գիտակցութիւնը եւս կը բացակայի անկախութեան, գերիշխանութեան պահպանման համար ամէնէն հիմնական օրակարգերուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու եւ մանաւանդ պետական հաստատութիւններու գործունէութիւնները չարգելակելու: Կը թուի, որ այլեւս լիբանանեան օրինաչափութեան վերածուած են վարչապետի նշանակման, նշանակումէն ետք կառավարութեան կազմութեան կամ կազմութենէն ետք կառավարութեան նիստերու գումարման երկարատեւ առկախումները:
Չկայ քաղաքական գիտակցութիւնը, որ նման առկախումներ կը հարուածեն երկրին անկախութիւնը: Աւելի քան պարզ է, որ հեռակառավարուիլը անկախութենէն, անկախ որոշում առնելու տարրական իրաւունքէ ինքնահրաժարում է: Գործընթացները սակայն հեռու են քաղաքական գիտակցութեան այս մօտեցումներէն:
Համայնքային համակարգի արմատական փոփոխութիւնը, խորհրդարանական ընտրութիւնները կայացնելու ճնշումները, այս կամ այն դատաւորին յանդգնութիւնը լուսարձակի տակ բերելը կամ պայմանական եւ քաղաքական նպատակներով կատարուող տարբեր բնոյթի օժանդակութիւնները լիբանանեան օրակարգեր չեն: Ներածուած կարգախօսներ, շարժումներ, պնդումներ, պայմաններ են, գուցէ լիբանանեան տեսք ստացած ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ճամբով, գուցէ յեղափոխութիւն անունին տակ ձեւաւորուած շարժումներով, դասական քաղաքական դէմքերու դէմ բարոյազրկման եւ նկարագիրի սպանութեան դրսեւորումներով կը միտին էափոխել երկրին ու պետութեան հիմքերը:
Այս բոլորը կը հարուածեն երկրին անկախութիւնը: Արտաքին թելադրանքներէ ներշնչուած եւ գործնապէս աջակցութիւն ստացած փոփոխութեան շարժումը որքան ալ բարեկարգումի նպատակ ունենայ կը հարուածէ երկրին անկախութիւնը: Հիմա արդէն զգալի է եւ տեսանելի, որ հեռակառավարումով խորհրդարանական կազմ ձեւափոխելու ծրագիրներ առաջ կը քաշուին:
Այս բոլորը հարուած են` արդէն իսկ դիւրաբեկ անկախութեան: Գարնան, Լիբանանի քաղաքացին պիտի դրուի հեռակառավարուելու, հետեւաբար երկրին անկախութիւնը զիջելու եւ ինքնակառավարուելու, հետեւաբար երկրին անկախութեան կայացման նպաստելու ճակատագրական ընտրանքին առջեւ: