Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կենսոլորտի Նախարարը Կը Պահանջէ Բռնկած Հրդեհներուն Շուրջ Հետաքննութիւն Բանալ

November 16, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կենսոլորտի նախարարութեան համաձայն, շաբաթավերջին Լիբանանի մէջ բռնկած են 93 հրդեհներ` որոնցմէ 35-ը անտառային հրդեհներ, հարաւային Լիբանանի, Արեւմտեան Պեքաայի, Մեթնի, Քեսրուանի եւ Աքքարի մէջ:

Կենսոլորտի նախարար Նասեր Եասին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բռնկած հրդեհներուն մեծ մասը մարդոց կողմէ հրահրուած է` աւելցնելով, որ կլիմայական ազդակները եւս կ՛օժանդակեն, որ այդ հրդեհները ընդարձակուին:

Եասին ընդգծեց հրդեհներուն մասին հետաքննութիւն բանալու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ անոնց պատճառները իմանալ:

«Բնական նման աղէտի մը դիմաց կառավարութիւնը պէտք է արտակարգ նիստ մը գումարէ, բայց եւ այնպէս պետութիւնը, որ նաեւ կը խորհրդանշուի քաղաքացիական պաշտպանութեան եւ Ներքին ապահովութեան ուժերով ու բանակով, գետնի վրայ էր եւ պէտք եղած բոլոր աշխատանքը տարաւ` հակակշռելու համար հրդեհները:

Նշենք, որ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ անտրամաբանական է, որ շրջուն հրդեհներուն պատճառները ըլլան կլիմայի փոփոխութիւնները կամ բնութեան ու անտառային փոփոխութիւններու հետեւանքները:

Ապտալլա շեշտեց, որ իրեն համար յստակ է, որ յանցագործներ գործի անցած են Լիբանանի մէջ թացն ու չորը այրելու` աւելցնելով, որ ինք այս իմաստով ապահովական կառոյցներէն կը սպասէ անակնկալի մը, որ պիտի դրսեւորուի նման յանցագործներու ձերբակալումով:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Քանաան. «Յանձնախումբը Սուտ Վկայ Պիտի Չըլլայ, Եւ Եթէ Կացութիւնը Այսպէս Շարունակուի, Ժողովները Պիտի Դադրեցնեմ»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.