Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Շնորհաւորական Այցելութիւն Մը Տուաւ Տիւրզի Համայնքի Նորընտիր Հոգեւոր Պետին

November 15, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին այցելեց տիւրզի համայնքի նորընտիր հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունայի, որուն շնորհաւորեց անոր ընտրութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթեց:

Այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին դիմագրաւած տագնապները լուծելու կարեւորութիւնը:

Շէյխ Սամի Ապի Մունա շնորհակալութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին այցելութեան եւ շնորհաւորանքին համար:

Ապի Մունա ընդգծեց մարոնի եւ տիւրզի համայնքներուն միջեւ սիրոյ, եղբայրութեան եւ ազգային գոյակցութեան սկզբունքները պահպանելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք պատասխանատու են երկրին մէջ դրական մթնոլորտ ստեղծելու:

«Ճի՛շդ է, որ ասիկա քաղաքական անձնաւորութիւններուն պարտականութիւնն է, սակայն մենք` իբրեւ հոգեւոր պետեր, պէտք է ճամբայ հարթենք եւ դրական մթնոլորտ ստեղծենք երկրին մէջ», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բոլորը պէտք է միասնաբար գործեն` վերջ տալով այս կամ այն կողմը դաւաճանութեամբ ու դասալքութեամբ ամբաստանելու բառամթերքի գործածութեան:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան ներքին տարակարծութիւնները պէտք է մէկդի դնել եւ ժողովուրդին խօսիլ սիրոյ լեզուով` ընդգծելով ազգային սկզբունքներն ու քաղաքացիին արժանապատուութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահած կիրակի օրուան Ս. պատարագին ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ արաբական երկիրներուն մէջ ապրող եւ աշխատող լիբանանցիներուն վտարումին, քաղաքացիներուն անգործութեան եւ արաբական աշխարհին կողմէ Լիբանանի մեկուսացումին պատճառ դառնալը Լիբանանի արժանապատուութիւնը, գերիշխանութիւնն ու հպարտութիւնը խոցելի կը դարձնէ:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական ոչ մէկ կողմ իրաւունք ունի իր կամքը պարտադրելու լիբանանցիներուն վրայ, հարուած հասցնելու Ծոցի երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութեան, սառեցնելու կառավարութեան աշխատանքը, անդամալուծելու դատական իշխանութիւններուն դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ սպառնալիքի մթնոլորտ ստեղծելու հասարակութեան մէջ: «Արտօնելի չէ, որ երկրին պատասխանատուները դիտորդի դերակատարութեան մէջ ըլլան եւ այս կամ այն քաղաքական ուժին հաւանութիւնը աղերսեն. իսկական նուաստացումը այդ է», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը աւելցուց. «Եթէ Լիբանանի մէջ ոմանք չէզոքութեան կեցուածքը ծանր բեռ կը նկատեն, ապա մենք զայն կը նկատենք երկիրը փրկելու միակ լուծումը»:

 

 

Նախորդը

Ամալ Ապու Զէյտ. «Չաւուշօղլուի Այցելութիւնը Չի Միտիր Լիբանանեան-Սէուտական Դիւանագիտական Տագնապը Լուծել»

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիա Անհրաժեշտ Կը Նկատէ Լիբանանը Փրկել Հըզպալլայի Իշխանութենէն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.