Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծերակուտականներ Մենենտեզ Եւ Փատիլա Կը Պահանջեն Պատժել Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան

November 6, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտեզ 4 հոկտեմբերին ներկայացուցած է օրէնսդրական փոփոխութիւններու նախագիծ մը, որով վերջ պիտի դրուի Ազատութեան աջակցութեան հռչակագիրի 907-րդ յօդուածի` Միացեալ Նահանգներու նախագահական լիազօրութիւններուն եւ պիտի խոչընդոտէ Ազրպէյճանի ամերիկեան զինուորական օգնութիւնը:

Առաջարկուող փոփոխութիւնը (թիւ 4177) Պաշտպանութեան ազգային իրաւասութեան հռչակագիրի (Էն.Տի.Էյ.Էյ.) Ծերակոյտի տարբերակի երեք փոփոխութիւններէն մէկն է, որ կը վերաբերի Ազրպէյճանին ամերիկեան օգնութեան, ինչպէս նաեւ 2020 թուականի պատերազմի ժամանակ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ կատարուած զինուորական յանցագործութիւններուն:

Փոփոխութիւնը կը վերցնէ 907-րդ յօդուածի նախագահական լիազօրութիւններուն վերաբերող բոլոր յղումները, կէտ մը, որ առաջին անգամ ներառուած է 2001 թուականին եւ օգտագործուած Միացեալ Նահանգներու իրերայաջորդ նախագահներուն, ներառեալ նախագահ Պայտընի կողմէ, նոյնիսկ 2020 թուականին:

Ծերակուտական Մենենտեզ նաեւ ներկայացուցած է երկրորդ ուղղումը (թիւ 4150), որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններէն կը պահանջէ զեկուցում ներկայացնել Թուրքիոյ կողմէ «Պայրաքթար» անօդաչու հարուածային թռչող սարքերուն մէջ ամերիկեան ճարտարագիտութիւններու օգտագործման վերաբերեալ` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով երրորդ երկիրներուն, օրինակ` Ազրպէյճանին անոնց վաճառքին:

Քալիֆորնիայէն ծերակուտական Ալեքս Փատիլայի ներկայացուցած երրորդ ուղղումը (թիւ 4251) կը պահանջէ արտաքին գործոց նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան միացեալ զեկուցում` 2020 թուականի արցախեան պատերազմի ժամանակ Ազրպէյճանի զինուորական յանցագործութիւններուն ժամանակ ամերիկեան ճարտարագիտութիւններու կիրարկումին մասին. սպիտակ ֆոսֆորի, տարանջատուող ռումբերու եւ այլ արգիլուած զինամթերքի օգտագործումը, օտարերկրեայ վարձկաններու ներգրաւումը:

Ծերակոյտի եւ Փատիլայի փոփոխութիւններուն վերաբերեալ Ծերակոյտի քուէարկութիւնը կրնայ տեղի ունենալ յաջորդ շաբաթ:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան վերոնշեալ երկու կարեւոր օրէնսդրական փոփոխութիւններու ներկայացումէն ետք ըսաւ. «Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք ծերակուտականներ Մենենտեզին եւ Փատիլային Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկելու հարցին մէջ իրենց սկզբունքային ղեկավարութեան համար»:

«Մենք կ՛աշխատինք Ուաշինկթընի եւ յիսուն նահանգներէն իւրաքանչիւրին մէջ` ապահովելու 907-րդ յօդուածը կիրարկող, ազրպէյճանական զինուորական յանցագործութիւնները հետաքննող, թրքական անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ յայտնաբերուած ամերիկեան մասերու վերաբերեալ օրէնսդրական այս ուղղումներու որդեգրումը», աւելցուց Համբարեան:

 

Նախորդը

«Ազրպէյճան Հայաստանին Յանձնած Է 1700 Զինուորի Մարմին» Կ՛ըսէ Պայրամով

Յաջորդը

Արշակ Կարապետեան Եւ Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանը Քննարկեցին Սահմանային Հարցեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.