Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան 29 Նոյեմբերին Պիտի Վերադառնայ Վիեննայի Մէջ Հիւլէական Գործարքին Շուրջ Բանակցութիւններուն

November 5, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանեան կողմը 29 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ պիտի վերսկսի իրանեան հիւլէական գործարքին վերաբերեալ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի (ԳՄՀԾ) շուրջ բանակցութիւններուն: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին 3 նոյեմբերին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ալի Պաքերի-Քանին:

«Էնրիքէ Մորայի (ԳՄՀԾ-ի շուրջ Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ Եւրոպական Միութեան կողմէ համակարգող) հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին մենք համաձայնած ենք 29 նոյեմբերին վերսկսելու Վիեննայի մէջ բանակցութիւններուն», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Պաքեր-Քանին:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութիւնը իր կողմէ տարածած է մամլոյ տեղեկագիր մը, ուր հաստատած է այդ թուականը: Այնտեղ ճշդած են, որ բանակցութիւններուն պիտի մասնակցին Չինաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ եւ Իրանի ներկայացուցիչները:

«Յանուն Եւրոպական Միութեան Արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի Միացեալ յանձնախումբի նախագահ պիտի դառնայ Եւրոպական արտաքին քաղաքական ծառայութեան գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Էնրիքէ Մորան», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Վիեննայի միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Միխայիլ Ուլիանով եւս հաստատած է իրանեան հիւլէական գործարքին շուրջ բանակցային հոլովոյթի վերսկսումը:

Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ այդ «երկար սպասուած հաւաքական որոշումը» ամերիկեան պատժամիջոցներու ջնջման եւ Իրանի «2015 թուականի գործարքի խորքային կէտերու լիակատար իրականացման» վերադարձի ուղի կը բանայ:

Նշենք, որ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի երէկ շեշտեց. «Վիեննայի մէջ կ՛ուզենք բանակցութիւններ, որոնք իսկական արդիւնքներու կը յանգեցնեն, առանց մեր իրաւունքներու որեւէ մէկէն զիջումի եւ ամերիկեան ապօրինի պատժամիջոցներու ջնջումով»:

 

Նախորդը

Էմիրաթական Օդանաւային Ընկերութիւնը 6 Դեկտեմբերէն Սկսեալ Դէպի Թել Աւիւ Առօրեայ Թռիչքներու Պիտի Սկսի

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ֆրանսացի Համանախագահը Փոխուած Է

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.