Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առողջութեան Մասին Դասախօսութիւն Դպրեվանքին Մէջ

November 3, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 29 հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսչութեան տնօրինումով եւ կազմակերպութեամբ Ուսանողական խորհուրդին, դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը` «Առողջ ապրելակերպ» նիւթով: Սոյն դասախօսութիւնը ներկայացնելու համար հրաւիրուած էր Փաթրիսիա Խորշիտեանը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վահէ կիս. սրկ. Ֆիլիկեանը, որ անդրադարձաւ առողջութեան եւ առողջապահութեան կարեւորութեան մասին: Ան ներկայացուց օրուան դասախօսը եւ զայն բեմ հրաւիրեց:

Փաթրիսիա Խորշիտեան զրոյցի ոճով անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ մարդ կրնայ  առողջ ըլլալ, երբ իր ֆիզիքականին կողքին, նաեւ հոգ տանի իր հոգեւոր կեանքին, զգացումներուն, ընկերային յարաբերութեանց, մտային գործելակերպին: Ան նաեւ խօսեցաւ «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու միջոցներուն մասին` շեշտելով, որ մաքրութիւնը հիմնականօրէն կ՛օգնէ ժահրի յաղթահարման:

Աւարտին, դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Աստուած մարդուն իսկապէս հրաշալի ստեղծած է: Մարդկային մարմինը այնպէս մըն է, որ ունի ինքնապաշտպանութեան յատկութիւնը: Աստուած մեր մարմնին իւրաքանչիւր օրկանը ստեղծած է յատուկ իմաստով եւ նպատակով մը: Սակայն պէտք է մենք օգնենք մեր մարմնին, որպէսզի իւրաքանչիւր օրկան իր գործը կատարէ»: Ան նաեւ յիշեց Աստուածաշունչէն անդամալոյծին դրուագը` բացատրելով, որ մենք, յատկապէս դպրեվանեցիներ, պատասխանատուութիւնը ունինք իրարու հոգ տանելու:

Այս առիթով տեսուչ հայր սուրբը դպրեվանքի մեծ ընտանիքին կողմէ օրուան դասախօսին յանձնեց յուշանուէր մը եւ դպրեվանքի «Գլաձոր» տարեգիրքը:

Նախորդը

Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանին Շնորհուեցաւ Label FrancEducation

Յաջորդը

Նշմար. Մեռելատուն Եւ Հոգեճաշ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.