Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ոչինչ Կրնայ Խանգարել ՀՅԴ-ի` Արցախի Կողքին Ամուր Կանգնելու Առաքելութիւնը»

November 1, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան 27-29 հոկտեմբերին իր հերթական այցելութիւնը կատարած է Արցախ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը իր այցելութեան ընթացքին ունեցած է շարք մը հանդիպումներ, խորհրդակցութիւններ եւ ժողովներ:

Այցելութեան առաջին օրը Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի եւ Արցախի Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած ընդդիմադիր «Արդարութիւն» եւ «Արցախի ժողովրդավարական» կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Այցելութեան երկրորդ օրուան սկիզբը հանդիպում տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանին հետ: Իսկ օրուան մնացած մասը յագեցած էր ՀՅԴ կազմակերպական միաւորներու եւ շարքերուն հետ հանդիպումներով եւ ժողովներով: Նախ կայացած է հանդիպում ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան վարչութեան հետ, ապա գումարուած է ժողով` ՀՅԴ Արցախի Հայ դատի յանձնախումբին հետ: Օրուան երկրորդ կիսուն տեղի ունեցած է նաեւ ՀՅԴ Արցախի ընկերական ընդլայնուած ժողով` շրջաններէն Ստեփանակերտ հասած ընկերներու եւ ներկայ ու նախկին պատասխանատու մարմիններու հետ:

Այցելութեան ընթացքին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի ու Բակօ Սահակեանին հետ:

Այցելութեան աւարտին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին հետ ամփոփուած են հանդիպումներուն արդիւնքները:

Հանդիպումներու ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին ընկերակցած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ Արցախ կատարած այցելութեան կապակցութեամբ զրուցած է «Ապառաժ»-ը:

Անդրադառնալով հանդիպումներու ընթացքին արծարծուած նիւթերուն` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ հիմնականին մէջ քննարկուած են Արցախի կարգավիճակին, անոր անվտանգութեան, ժողովուրդի տրամադրուածութեան, Արցախ-սփիւռք կապերու ամրապնդման վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուած է Արցախի մէջ կատարած աշխատանքին, մասնաւորապէս տեղահանուած բնակչութեան բնակարանային ապահովուածութեան եւ անոնց ընկերային-տնտեսական խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ունեցած հանդիպումները Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը արդիւնաւէտ նկատեց` նշելով, որ իշխանութիւններուն հետ ունեցած տարակարծութիւնները չեն կրնար խոչընդոտել ՀՅԴ-ին` Արցախի կողքին կանգնելու, անոր ամէն գնով աջակցելու եւ սկսուած քաղաքական ու մարդասիրական աշխատանքները շարունակելու համար:

Դաշնակցութեան Արցախի համար տարուող աշխատանքները այս պահուն կ՛ընթանան չորս ուղղութիւններով: Նախ` միջազգային առումով Արցախի կարգավիճակի հարցի միջազգայնացում, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով բանակցութիւններու վերսկսման խթանում եւ Արցախի անկախութեան ճանաչման` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի կիրարկման ուղղութեամբ աշխատանքներ, երկրորդ` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին միջոցով Արցախի ներքաղաքական կեանքին մասնակցութիւն եւ խնդիրներու լուծում, երրորդ` ներկուսակցական առումով ներքին կազմակերպական քննարկումներ, երիտասարդութեան ներգրաւում եւ Հայ դատի աշխատանքներ, եւ վերջապէս` Արցախի համար մարդասիրական եւ նիւթական օժանդակութեան տրամադրում:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կարեւոր նկատեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի եւ շրջաններու կոմիտէներու ու պատասխանատու ընկերներու հետ հանդիպումը: Քննարկուած են Արցախի իրավիճակի, առաջնահերթութիւններու եւ ապագայ ընելիքներու վերաբերեալ շարք մը հարցեր: ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ո՛չ միայն զեկուցած է Հայաստանի ու Արցախի ներկայ իրավիճակի եւ աշխարհով մէկ տարուող աշխատանքներու մասին, այլ նաեւ լսած է Արցախի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներու կարծիքներն ու առաջարկները:

Անդրադառնալով Արցախի ապագային վերաբերեալ Դաշնակցութեան տեսլականին` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ընդգծեց, որ Դաշնակցութեան համար անընդունելի է, որ Արցախը ըլլայ Ազրպէյճանի գերիշխանութեան տակ: ՀՅԴ-ի օրակարգին վրայ է Արցախի` իբրեւ անկախ պետութեան կայացումը, զարգացումը եւ միջազգային հանրութեան կողմէ անոր անկախութեան ճանաչումը, որմէ ետք բնականոն հոլովոյթով մայր հայրենիքի հետ վերամիաւորումը:

Ըստ անոր, ՀՅԴ-ն ո՛չ պատերազմի ընթացքին եւ ո՛չ ալ անկէ ետք դադրեցուցած է իր ամբողջ ներուժը ի սպաս դնել Արցախի եւ Հայաստանի հզօրացման:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ստեղծուած ճգնաժամին` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ այդ ճգնաժամը արդիւնք է Հայաստանի  իշխանութիւններու ապազգային քաղաքականութեան, հայրենիքը ահաւոր պարտութեան առաջնորդելուն եւ ծայրայեղ զիջումներու երթալու իրենց պատրաստակամութեան: Այս իրավիճակը ստեղծելէ բացի, Հայաստանի գործող իշխանութիւնները նպաստած են նաեւ ընդհանուր համազգային օրակարգի շուրջ հայութեան համախմբումը ապահովելու փոխարէն պառակտիչ գործունէութիւն ծաւալելուն: «Այդ պառակտիչ գործողութիւնները հիմա կ՛ուզեն տեղափոխել նաեւ սփիւռք: Ամէն ինչ կը կատարուի ատիկա դիմակայելու, այդ կործանարար քաղաքականութեան առաջքը առնելու եւ պառակտում թոյլ չտալու համար», ըսած է ան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ նաեւ համայն հայութեան մօտ առկայ ընկճուածութեան մթնոլորտին, որ հետեւանքն է պատերազմին կրած աղէտալի պարտութեան: Ան վստահ է սակայն, որ մեր ժողովուրդը կը վերագտնէ իր ասպետական ուժն ու վճռականութիւնը, ոտքի կը կանգնի եւ կը շարունակէ իր իրաւունքներուն ի խնդիր ազգային-ազատագրական պայքարը:

 

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Կ’ոգեկոչէ Արցախեան Պատերազմին Զոհուած Եւ Անմահութեան Փառքին Արժանացած Նուիրեալներու Յիշատակը

Յաջորդը

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Քննարկած Են «3+3» Ձեւաչափի Գործարկման Հեռանկարները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.