Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Որոշեց Երեսփոխանական Յառաջիկայ Ընտրութիւնները Կայացնել 27 Մարտ 2022-ին

October 29, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին երեսփոխանները դարձեալ քուէարկեցին անփոփոխ պահել երեսփոխանական յառաջիկայ ընտրութիւնները 27 մարտ 2022-ին կայացնելու գծով խորհրդարանական յանձնախումբերու «թելադրանքը»: Ապա ժողովականները   61 ձայնով քուէարկեցին նաեւ ի նպաստ արտերկրի լիբանանցիներու կողմէ 128 երեսփոխաններու ընտրութեան: Ժողովը սակայն այնքան ալ հեզասահ չընթացաւ, եւ Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ կարգ մը երեսփոխաններու միջեւ քաղաքական հեռանկարով ժողովավարական բանավէճ ծագեցաւ, որուն հետեւանքով նշեալ համախմբումի երեսփոխանները լքեցին ժողովասրահը` խոստանալով «գրաւոր բողոքագրութեամբ չեղեալ նկատել կայացած ընտրական խախտումը»:

Այս գծով երեսփոխան Պասիլ դատապարտեց կայացած քուէարկութեան «ոճը», որ «Ազգային ուխտի եւ սահմանադրական սկզբունքներու հիմնական խախտում էր»: Իսկ Ազատագրում եւ բարգաւաճում համախմբումի նախագահ երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ ըսաւ. «Կը թուի, թէ ոմանք կ՛ուզեն յետաձգել կամ չեղեալ նկատել խորհրդարանական ընտրութիւնները»: Փոխադարձ վիրաւորանքներէն անմասն չմնաց նաեւ նախագահ Աունի «ժողովավարական վարկը, որ խախտած էր սահմանադրութիւնը», ինչ որ բուռն հակազդեցութիւն հրահրեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխաններուն կողմէ: Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդգծեց. «Ոչ ոք ինձմէ աւելի նախանձախնդիր է նախագահի հանգամանքի պահպանման»:

Ապա թեր ու դէմ կեցուածքները շարունակուեցան նաեւ ժողովասրահէն դուրս եւ աւելի ուշ կայացած հանդիպումներու ընթացքին, ինչ որ առաւել եւս երկփեղկեց առանց այդ ալ քաղաքականօրէն պառակտուած խորհրդարանի անդամները:

Արդ, հայեացքները ուղղուած են քաղաքական առնչակից կողմերուն որդեգրելիք  յառաջիկայ քայլերուն, յատկապէս` Հզօր Լիբանանի երեսփոխաններուն կողմէ նշեալ քուէարկութեան դէմ  բողոքարկման պարագային, ինչ որ դարձեալ կրնայ բռնկեցնել քաղաքական մթնոլորտը` «նորանոր արձակուրդներ» պատճառելով սահմանադրական կենսական կառոյցներու գործունէութեան:

Նախորդը

Անդրադառնալով Նախարար Քըրտահիի «Խնդրայարոյց» Յայտարարութեան` Նախագահ Աուն. «Լիբանան Նախանձախնդիր Է Լաւագոյն Յարաբերութիւնները Պահպանելու Արաբական Քոյր Պետութիւններու Հետ»

Յաջորդը

Չաւուշօղլու. «Հայաստանէն Շատ Դրական Ազդակներ Ստացած Ենք»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.