Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թայյունէի Դէպքերու Հետեւանքները Կը Շարունակեն Յուզել Լիբանանեան «Հրապարակը»

October 29, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ այն իրողութեան, որ երկու շաբաթներ անցած են Թայյունէի արիւնալի դէպքերէն, անոնց հետեւանքները կը շարունակեն յուզել լիբանանեան հրապարակը: Այս իմաստով դատախազ Փիթըր Ժերմանոս «հակաօրինական» որակեց Լիբանանեան ուժերու ղեկավար Սամիր Ժահժահի հարցաքննութեան կանչուիլը:

Փաստօրէն, այս մասին թեր ու դէմ կարծիքները շարունակուեցան, յատկապէս` Թայյունէի դէպքերուն եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դատական հետաքննութեանց «փոխանակման» շուրջ քաղաքական քուլիսային համախոհութեան մը հաւանականութեան մասին շրջան ընող լուրերուն լոյսին տակ:

Ըստ ոմանց, այս դէպքերը առաւել եւս հրահրեցին ներքին պառակտումը եւ արտագաղթի դիմումներու քանակը աւելցուցին: Այս կապակցութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայէլ արտասահմանեան իր շրջապտոյտին յայտարարութեան մը մէջ յայտնած է, թէ վերջին շրջանին 300 հազար լիբանանցի արտագաղթած է երկրէն:

Նմանապէս, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով հետաքննութեան ծալքերը հետզհետէ կը բացայայտուին: Այս ծիրին մէջ նախկին նախարար, իրաւաբան Ռալիտ Տըրպաս երէկ նախկին վարչապետ Հասսան Տիապի վերագրելով իր տեղեկութիւնները, իբրեւ անոր պաշտպան փաստաբան յայտնեց, թէ պայթումէն քանի մը շաբաթ առաջ, յունիս 2020-ի սկիզբը Հասսան Տիապ երբ իմացած է նաւահանգիստին մէջ պայթուցիկ նիւթերու գոյութեան մասին, որոշած է անձամբ երթալ եւ ստուգել ու առաջ իր մէկ օգնականը ղրկած է, որ իրեն փոխանցած է, թէ նշեալ նիւթերը երկրագործական նպատակով օգտագործելի սիմենթ են, ինչ որ մղած է Տիապը զանց առնելու նաւահանգիստ իր այցելութիւնը:

Միւս կողմէ, դատաւոր Թարեք Պիթար առկախեց Հասսան Տիապի դէմ արձակուած իր հարցաքննութեան կոչը, անմիջապէս որ իմացաւ, թէ այս վերջինը (Տիապ ) պետութեան դէմ թշնամանքի դատական հայց յարուցած է:

Նշենք, որ նշեալ պայթումի վիրաւորներէն մին մահացաւ` չդիմանալով  պայթումի հետեւանքով ստացած վէրքերուն:

 

 

Նախորդը

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան. «Դատաւոր Մշլեպին Բացայայտեցի Նիւթական Ունեցուածքս»

Յաջորդը

Անդրադառնալով Նախարար Քըրտահիի «Խնդրայարոյց» Յայտարարութեան` Նախագահ Աուն. «Լիբանան Նախանձախնդիր Է Լաւագոյն Յարաբերութիւնները Պահպանելու Արաբական Քոյր Պետութիւններու Հետ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.