Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղօթքի Մրցում Դպրեվանքին Մէջ

October 27, 2021
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 22 հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Դպրեվանքի տեսչութեան տնօրինումով եւ Ուսանողական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դպրեվանքի նշանակալից աւանդութիւններէն մէկը` «Աղօթքի մրցում»-ը:

Աղօթքի մրցումը ամէն տարի կը քաջալերէ նոր անդամագրեալ դպրեվանեցիները աղօթական կեանքի մթնոլորտին մէջ մտնելու եւ սորվելու դպրեվանքի առօրեայ աղօթքները: Այս տարի աղօթքի մրցումը տարբեր բնոյթ ունէր, որովհետեւ անոր մասնակից դարձան ո՛չ միայն այս տարուան նորեկները, այլեւ` անցեալ տարուան նորեկները, որոնք անցեալ տարի հասկնալի պատճառներով առիթը չէին ունեցած այս մրցումին մասնակցելու:

Յայտագիրը ընթացաւ հետեւեալ հերթականութեամբ. բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նշան սրկ. Անտրեանը, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց աղօթքի էութիւնն ու կենսականութիւնը մեր կեանքին մէջ: Ան ըսաւ. «Դպրեվանքը մեր աղօթքի տունն է: Այստեղ ամէն բանէ առաջ իւրաքանչիւրս աղօթել կը սորվինք: Դարեր շարունակ քրիստոնէական հաւատքը պահպանուած եւ մեզ աւանդուած է աղօթքի զօրութեամբ: Եւ մենք այդ հաւատքը կը պահենք ու պիտի փոխանցենք` դարձեա՛լ աղօթքի զօրութեամբ»: Բացման խօսքէն ետք, դպրեվանքի նորեկ սաները, հերթաբար բեմ բարձրանալով աղօթք բարձրացուցին առ Բարձրեալն Աստուած` ըստ իրենց ազատ ընտրութեամբ վիճակուած աղօթքին: Որմէ ետք Սերժ Մամիկոնեան կարդաց աւետարանական հատուած մը, յետոյ Ներսէս կիս. Իսահակեան կարդաց «Նարեկ» աղօթամատեանէն աղօթքի մասին պատառիկ մը, ապա Բարեկարգ Վարդան կիս. Ասայեան կարդաց Ս. Եփրեմ Խուրի Ասորիի աղօթագիրքէն հոգեպարար աղօթք մը:

Այնուհետեւ դպրեվանքի տեսուչ` Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանը բեմ բարձրանալով` կատարեց մրցանակաբաշխումը. նորեկներէն առաջին հանդիսացաւ Աբրահամ Պայտունեանը, երկրորդ` Խաչիկ Բալասեանը, եւ երրորդ` Արմէն Մովսէսեանը: Իսկ անցեալ տարուան նորեկներէն առաջին հանդիսացաւ Քրիստ Փոստաճեանը, երկրորդ` Յովհաննէս Սաղըրեանը, երրորդ` Զոհրապ Պչաքճեանը:

Մրցանակաբաշխումէն ետք տեսուչ հայր սուրբը իր պատգամը յղեց` ըսելով. «Մենք աղօթել կը սորվինք Աստուծմէ: Իրականութեան մէջ աղօթքը Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած իւրայատուկ պարգեւ է: Մենք ամենազօր Աստուծոյ հետ կրնանք խօսիլ աղօթքով: Աստուած մեզի հետ խօսելու համար երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ եւ մեզի իրեն հետ խօսիլ սորվեցուց:

«Դուք այսօր ձեր աղօթքի ճանապարհորդութեան առաջին քայլը առիք: Այս քայլը պէտք է զարգացնէք, այսինքն, ինչպէս որ ձեր նմանին հետ կը խօսիք, այնպէս ալ պէտք է Աստուծոյ հետ խօսիք: Ի վերջոյ, սիրելի՛ դպրեվանեցիներ, եկէ՛ք` միասին ըսենք. «Տէ՜ր, մեզի աղօթել սորվեցուր, որպէսզի կարենանք ժողովուրդիդ ծառայել»:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ֆրետիոֆ Նանսէն` Հայասէրներէն Մէկը (10 Հոկտեմբեր 1861-13 Մայիս 1930)

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան.  Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր,  Պատճառներ, Արդիւնքներ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 83-րդ Առցանց Լսարան. Արցախի Վերջին Պատերազմը. Ծալքեր, Պատճառներ, Արդիւնքներ

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.