Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 25, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆՑՆՈՂ տարուան ընթացքին Լիբանանէն արտագաղթած են 47 հազար լիբանանցիներ, որոնց 70 առ հարիւրը երիտասարդներ են, յայտնեց տնտեսական վիճակագրութեանց մասնագէտ Մոհամետ Շամսէտտին պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:

ՈՒԱՏԻ Ժամուսի Թարթուսի աշիրեթը շաբաթավերջին հաղորդագրութեամբ մը պետական պատկան մարմիններուն կոչ ուղղեց հետապնդելու իրենց հարցը: «Հինգ զոհերէ եւ բազմաթիւ վիրաւորներէ ետք մեր դատը կը վստահինք պետական արդարադատութեան` կոյր հաւատքով», նշուած է աշիրեթին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի նախագահ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղեկատուութեան գրասենեակը շաբաթավերջին հաղորդագրութեամբ մը հանգստացուց «մտահոգ» համակիրները, թէ` «Հարիրիի առողջական վիճակը լաւ է»: Հաղորդագրութիւնը դիտել տուաւ, թէ այս մասին տեղեկութիւնները կը վերագրուին 2019 թուականին: Արդարեւ, անցնող շաբթուան ընթացքին շրջան ըրած էին տեղեկութիւններ, ըստ որոնց` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առողջական վիճակը վատթարացած է, եւ ան հապճէպ հիւանդանոց փոխադրուելով  վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուած է Փարիզի մէջ:

ԵԼԵԿՏՐԱԾԻՆ շարժակներու մէկ քիլոուաթին սակագինը կրնայ  շրջանցել 6000 լիբ. ոսկին` հասնելով մինչեւ 7 կամ 8 հազարի սահմանը, յայտնեց ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերու համախմբումի նախագահ Ապտօ Սաատէ երէկ: Սաատէ մտավախութիւն յայտնեց, որ շարժակները դադրին ելեկտրականութիւն հայթայթելէ քաղաքացիներուն յառաջիկայ նոյեմբեր ամիսէն սկսեալ:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ վերջին 24 ժամերուն «Քորոնա» ժահրի համավարակով վարակուած է 507 նոր պարագայ եւ պատահած է 4 մահ:

ՊԱԱԼՊԵՔԻ Պրիթել շրջանին մէջ 13-ամեայ պատանի մը` Հատի Խալիլ, երէկ զոհ գնաց անորոշ սարքի մը պայթումին: Ըստ Պրիթելի գիւղապետին, հաւանական է, որ արկածը պատահած է ձեռնառումբի մը կամ «Պէ.7» տիպի հրթիռի պայթումին պատճառով: Պատանին շրջանի աղբակոյտերուն մէջ կը փորձէր երկաթեայ մետաղներ գտնել, հաւաքել ու վաճառել` հոգալու համար իր հինգ եղբայրներուն սնունդի ծախսը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ գիւղական շրջաններու մէջ կարգ մը ծնողներ իրենց զաւակներու դպրոց երթեւեկին համար կ՛օգտագործեն աւանակները: «Հարիւր տարի ետ գացած ենք եւ վառելանիւթի չգոյութեան պատճառով աւանակին կը դիմենք», դիտել տուաւ գիւղացի մը:

 

 

Նախորդը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Գահակալութեան Մեծաշուք Արարողութիւն

Յաջորդը

Քաղաքական Սուր Բանավէճի Մթնոլորտին Մէջ. Քուլիսային Սերտ Ճիգեր` Կառավարութեան Աշխուժացման Եւ Կացութեան Բարելաւման Գծով

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.