Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Սպառնացած Է 10 Երկիրներու Դեսպանները Վտարել Թուրքիայէն

October 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սպառնացած է երկրէն արտաքսել 10 պետութիւններու դեսպանները, որոնք կոչ ուղղած են ազատ արձակելու իրաւապաշտպան Օսման Քաւալան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով թրքական լրատուամիջոցներուն:

Նախապէս Քանատայի, Ֆրանսայի, Ֆինլանտայի, Դանիոյ, Գերմանիոյ, Նետերլանտներու, Նոր Զելանտայի, Նորվեկիոյ, Շուէտի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուները իրաւապաշտպանը ազատ արձակելու կոչ ուղղած էին: Ատկէ ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կանչած էր այդ երկիրներու դեսպանները, անոնց յիշեցուցած, որ պէտք է հետեւիլ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի հռչակագիրին:

«Ինչո՞ւ այդ 10 դեսպանները նման յայտարարութիւններ կ՛ընեն: Ես մեր արտաքին գործոց նախարարութեան ըսի, որ մենք մեր երկրին մէջ զանոնք ընդունելու ճոխութիւնը չունինք: Թուրքիոյ դաս տալը ձե՞ր գործն է: Դուք ձեր սեփական երկիրներուն մէջ մարդասպաններ, ահաբեկիչներ եւ աւազակներ կը պահէ՞ք: Անոնք միշտ կը պատասխանեն. «Դատարանը անկախ է»: Այսինքն` ձեր դատարանը անկախ է, իսկ մերը` կախեա՞լ: Մեր դատարանը անկախութեան լաւագոյն օրինակը ցոյց կու տայ», ափրիկեան երկիրներէն վերադարձի ընթացքին` օդանաւին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Էրտողան:

Օսման Քաւալան յայտնի թուրք իրաւապաշտպան է, «Անատոլու Քիւլթիւր ԱՇ» մշակութային հիմնադրամի հիմնադիրը, որ մասնաւորաբար կ՛աջակցի ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու նախագիծերուն, որոնք յաճախ միջազգային ուղղուածութիւն ունին (ներառեալ թուրքերու ու հայերու հաշտեցումը եւ քրտական հարցի խաղաղ լուծումը):

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Լրտեսութեան Մեղադրանքով Ձերբակալուած Են Ռուսիոյ Չորս Քաղաքացիներ

Յաջորդը

Անդրադառնալով Պաքու-Թեհրան Լարուածութեան Ու «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին` «Ամէն Ինչ Այդքան Ալ Դիւրին Չէ» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.