Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Պաքու-Թեհրան Լարուածութեան Ու «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին` «Ամէն Ինչ Այդքան Ալ Դիւրին Չէ» Կ՛ըսէ Էրտողան

October 22, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցին մէջ Թուրքիոյ դիրքորոշումը անփոփոխ է: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու»:

Ան նաեւ ըսած է, որ յառաջիկային (26 հոկտեմբերին) Ազրպէյճան կատարելիք այցելութեան ծիրին մէջ չի ծրագրեր այցելել Պաքու: Փոխարէնը ան պիտի մասնակցի Վարանդայի մէջ (Ֆիզուլի) օդակայանի բացման:

«Մենք այդ հարցը քննարկած ենք եղբօրս` Իլհամ Ալիեւի հետ: Ծրագիրի ծիրին մէջ մենք պիտի մասնակցինք օդակայանի եւ քանի մը ճամբաներու բացման, ինչպէս նաեւ նոր նախագիծեր պիտի սկսինք գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ: Զանգեզուրի միջանցքի բացման հարցին մէջ մեր վճռականութիւնը կը մնայ անփոփոխ», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ ղեկավարը նաեւ ըսած է, որ Անգարան կը շարունակէ աշխուժօրէն աջակցիլ Ազրպէյճանին` ականազերծման հարցին մէջ:

Անդրադառնալով Իրանի եւ Ազրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութեան` Էրտողան նշած է, որ չի կիսեր այն կարծիքը, որ ճգնաժամը կրնայ վերածուիլ թէժ փուլի:

«Անձամբ ես նման սպասում չունիմ: Իրանը Ազրպէյճանը պիտի չվերածԷ թիրախի մը` Իսրայէլի հետ Պաքուի յարաբերութիւններուն պատճառով: Որովհետեւ այսօր Իրանի մէջ բնակող ազրպէյճանցիներուն թիւը ակնյայտ է: Այս գործօնը, անշուշտ, պիտի ստիպէ մտածել: Ամէն ինչ այդքան ալ դիւրին չէ: Կը կարծեմ, որ Իրանի նոր կառավարութիւնը պիտի չշարունակէ գործել նոյն սխալը», ըսած է Էրտողան:

 

Նախորդը

Էրտողան Սպառնացած Է 10 Երկիրներու Դեսպանները Վտարել Թուրքիայէն

Յաջորդը

Թուրքիան Կ՛ուզէ Երկարաձգել Սուրիոյ, Իրաքի Եւ Լիբանանի Մէջ Իր Զինուորական Ներկայութեան Ժամկէտը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.