Թուրքիոյ մէջ զինուորական եւ քաղաքական լրտեսութեան մեղադրանքով ձերբակալուած են Ռուսիոյ չորս, Ուքրանիոյ մէկ եւ Ուզպեքիստանի մէկ քաղաքացի: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը:
Ըստ օրաթերթին, անոնք կը մեղադրուին նաեւ չեչեն ընդդիմադիրներու վրայ յարձակումներ նախապատրաստելու յանցանքով:
«Ռեկնում» կը յստակացնէ, որ ձերբակալուած են Ռուսիոյ քաղաքացիներ Ասլանպեք Ապտուլմուսլիմովը, Ապտուլլա Ապտուլլայեւը, Ռաւշան Ահմետովը եւ Պեսլան Ռասայեւը:
Ձերբակալութիւնը տեղի ունեցած է 8 հոկտեմբերին, Պոլսոյ ընդհանուր դատախազութեան հետաքննութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած գործողութեան ընթացքին:
Տեղեկութիւններ կային, որ ձերբակալուածները Չեչենիայէն են: Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Քրեմլին տեղեկութիւն չունի Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ քաղաքացիներու կալանաւորման մասին:
Միւս կողմէ, թրքական «Սապահ» օրաթերթը հաղորդեց, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ-ը վնասազերծած է 15 անձերէ բաղկացած իսրայէլեան լրտեսական ցանց մը, որ Թուրքիա բնակող պաղեստինցիներու դէմ կը գործէր: