Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Ընդունած Է Արցախի Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններու Ղեկավարները

October 16, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը երէկ` 15 հոկտեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ կազմակերպած էր հանդիպում մը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Արդարութիւն», ՀՅԴ եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն (ԱԺԿ) խմբակցութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Ողջունելով գործընկերները` Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան կարեւոր նկատած է խմբակցութիւններու համագործակցութիւնը եւ իր մտահոգութիւնը յայտնած յետպատերազմեան շրջանին անվտանգութեան համակարգին մէջ լքուածութեան վիճակին շուրջ:

«Այս պայմաններուն մէջ, երբ պատերազմէն ետք իրատեսական գնահատական չէ տրուած այն իրավիճակին, բոլոր խնդիրներուն ու անորոշութիւններուն, որ կան Արցախի եւ Հայաստանի մէջ, յատկապէս ընդդիմադիր խմբակցութիւններու կապը շատ կարեւոր է, որովհետեւ այսօր տեղի ունեցող անօրինականութիւններն ու բազմաթիւ թերացումները միանշանակ պէտք է զսպուին», նշած է խմբակցութեան ղեկավարը` վերահաստատելով այն դիրքորոշումը, որ իշխանութիւնները, որ բերած են պարտութիւն եւ այսօր ալ շարունակաբար կը տանին անյաջողութիւններու, չունին հեռանկար:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ղեկավարները շնորհակալութիւն յայտնած են հանդիպումի նախաձեռնութեան համար, ներկայացուցած ներքին ու արտաքին հիմնախնդիրները, կարեւոր նկատած հայկական երկու պետութիւններու խորհրդարաններուն միջեւ սերտ եւ բարձր մակարդակի համագործակցութեան ապահովումը:

խմբակցութեան անդամները իրենց կարգին վստահեցուցած են, որ Արցախի հիմնախնդիրները միշտ ուշադրութեան կ՛արժանանան, եւ խմբակցութեան կողմէ խորհրդարանական բոլոր լծակները կ՛օգտագործուին` հասնելու անոնց վերջնական լուծումին:

Կողմերը կարեւոր նկատած են Հայաստան-Արցախ միջխորհրդարանական յանձնախումբի ձեւաւորումը, անդրադարձած են Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթին` ընդգծելով, որ ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը, անպատասխանատու կեցուածքը, որոնք յղի են լուրջ վտանգներով, էապէս կը վնասեն ու կը խանգարեն տարուող աշխատանքները:

Հանդիպումին քննարկուած են նաեւ ներքին ու արտաքին հիմնախնդիրներու լուծման տեսլականը, անոնց ուղղուած հետագայ ընելիքները, միասին ծաւալած քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքները եւ այլ հարցեր:

Նշենք նաեւ, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը եւս ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ԱԺԿ, Արդարութիւն եւ ՀՅԴ խմբակցութիւններու ղեկավարներ Դաւիթ Մելքումեանը, Դաւիթ Գալստեանը եւ Արթուր Մոսիեանը:

Կողմերը քննարկեցին Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակի, Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան եւ խնդիրներու լուծման վերաբերեալ հարցեր:

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Էրտողան. «Անգարայի Համբերութիւնը Սպառած Է. Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Պայքարը Որակապէս Նոր Մակարդակի Պիտի Հասնի»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.