Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2021-ի 10-րդ Թիւը

October 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրապարակուեցաւ ՀՅԴ-ի պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի հոկտեմբերի թիւը, որուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուին մերօրեայ հիմնահարցերը,  44-օրեայ պատերազմն ու անոր լոյսին տակ շրջանին մէջ ստեղծուած նոր իրողութիւններ, ընթացք առած ու հաւանական զարգացումներու թեմաները:

Նոր թիւի «Առաջնորդող»-ը կ՛անդրադառնայ արցախեան վերջին պատերազմին Իսրայէլի դերակատարութեան եւ առհասարակ Ազրպէյճան-Իսրայէլ ռազմական եւ ռազմավարական գործակցութեան ծալքերուն, իսկ միւս կողմէ` իրանագէտ Լիանա Պետրոսեանն ու Արտեոմ Տօնոյեան կը քննեն Իրան-Ազրպէյճան փոխյարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցող նոր շրջադարձերը:

Քաղաքականագէտ Հրանտ Մելիք-Շահնազարեան, անդրադառնալով ամէն գնով խաղաղութեան հասնելու առնչութեամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն կատարած քայլերուն, կը մատնանշէ, որ անոնք անհեռանկարային ու վտանգաւոր են Հայաստանի համար: Շարունակելով ներկայացնել անկախութեան ճանապարհով Արցախի անցած 30-ամեայ ուղին` պատմաբան Էդիկ Մինասեանի յօդուածի հրապարակուող 2-րդ մասին մէջ մանրամասնօրէն կը ներկայացուի արցախեան բանակցային ողջ գործընթացը, ինչպէս նաեւ` անկախ Արցախի հասարակական-քաղաքական կեանքի պատկերն ու 44-օրեայ պատերազմի վաւերագրութիւնը:

Հայ-թրքական թեմային «Դրօշակ»-ի անդրադարձերը պայմանաւորուած են նաեւ անով, որ, ինչպէս գիտենք, հոկտեմբեր 13-ին կը լրանայ հայութեան համար ողբերգական նշանակութիւն ունեցած Կարսի համաձայնագիրի կնքման 100-րդ տարին: Պատմաբան Արմէն Մարուքեան հիմնաւորապէս քննելով համաձայնագիրին` Հայաստանին վերաբերող կէտերը, կը հաստատէ միջազգային իրաւունքի տեսակէտէ անոնց ապօրինի բնոյթը, ինչով ալ կ՛արդարացուի վերջինիս անվաւեր ճանաչման ուղղուած հայ ժողովուրդին իրաւունքը:

Պատմական այս ճակատագրական իրողութեան պատմաքաղաքական պրիսմակէն կ՛անդրադառնայ պատմաբան Անի Մելքոնեանը: Զուգահեռներ կը կատարէ Կարսի եւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Շուշիի ու առհասարակ Արցախի իրաւականօրէն յանձնման: Յօդուածին հեղինակը կ՛ապացուցէ օտարահպատակ եւ ապազգային իշխանութիւններու նմանութիւնը, անոնց կատարած ոճրագործ քայլերու ճակատագրական հետեւանքները հայ ժողովուրդի ներկային ու ապագային վրայ:

Նախորդը

«Հայ Մամուլի Օր»

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Իսրայէլի Դերակատարութիւնը 44-Օրեայ Պատերազմի Օրերին Եւ Ոչ Միայն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.