Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարսենիկ Ճանսըզեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով. Հաւատաւոր ԼՕԽ-ական

October 16, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տերեւաթափը կը շարունակուի, այո՛, տերեւաթափ, որուն նորագոյն «տերեւներէն» կամ «զոհերէն» է երկարամեայ ԼՕԽ-ական Վարսենիկ Ճանսըզեանը: Փաստօրէն, Լիբանանի վերջին ամիսները, եթէ ոչ` տարիները, իրենց ցաւալի դէպքերով ու անոնց դառն հետեւանքներով, գերանդիի նման «հնձեցին» (ու դեռ կը շարունակեն…) լիբանանցիներու  եւ լիբանանահայութեան ազնիւ ու ընտիր զաւակները: Աւելին. 2019-ի «հոկտեմբերեան» շարժումէն ազդուողները, 2020-ի Պէյրութի նաւահանգիստի «օգոստոսեան» պայթումէն վնասուողները, «Քորոնա» համավարակի մահասփիւռ հարուածներէն խուսափողները, արեւու կիզիչ ճառագայթներուն տակ, հացի թէ վառելանիւթի համար երկար շարքի սպասողները ու դեռ` լիբանանեան թղթոսկիի «անճոռնի մակընթացութենէն» տուժողները եթէ ուղղակիօրէն, կամ ֆիզիքապէս չազդուեցան,  անպայմա՛ն ազդուեցան, սակայն, հոգեպէ՛ս, յուսալքուեցան, հիւանդացան, հիւծեցան ու հեռացան…

Տասնամեակներ շարունակ լռիկ-մնջիկ ԼՕԽ-ի ճամբով ազգին ծառայած Վարսենիկը ծանօթ դէմք էր իր շրջապատին մէջ: Յատկապէս` ԼՕԽ-ի օրացոյցի վաճառման թէ «ԼՕԽ-ի օր»-ուան հանգանակութեան ատեն, ան իր մտերիմ ընկերուհիին` Նոյեմիին հետ, շէնք-շէնք, տուն-տուն կ՛այցելէր օրացոյցի օրինակ մը աւելի՛ ծախելու, լումայ մը աւելի՛ հաւաքելու համար, ի սպաս շրջանի կարիքաւորներուն: Անոնք շատերուն կողմէ «զոյգ տատրակներ» կոչուած էին: Մէկը բացառիկ լեզուանի ու համոզող, միւսը` բացառիկ վճռական ու անխոնջ աշխատող: Ծառայասէր Վարսենիկ միշտ պատրաստ էր ընդառաջելու պարտականութեան որեւէ կոչի: Ո՛չ անձրեւը, ո՛չ փոթորիկը, ո՛չ ալ բարձրայարկ շէնքերու աստիճանները կը յոգնեցնէին կամ կը տկարացնէին զինք: «Բոլորս պարտաւոր ենք ծառայելու մեր ազգին, ամէն մարդ ձեւո՛վ մը կը ծառայէ, ես ալ ա՛յս ձեւով կրնամ ծառայել, եւ այնքան ատեն որ Աստուած ուժ կու տայ, պատրաստ եմ օգնելու ազգիս», կ՛ըսէր ան, երբ մտերիմները կը զգուշացնէին զինք յոգնութեան հետեւանքներէն, մանաւանդ որ իր բնակած շէնքը եւս վերելակ չկայ, եւ ստիպուած էր աստիճանները գործածել: Երեք զաւակներու  մայր, փոքր ու համեստ տան մը մէջ, միշտ կոկիկ ու մաքուր, ժպտերես կը դիմաւորէր իր հիւրերը` հաւատալով, որ պայմանները անպայման պիտի փոխուին, եւ օրերը «վարդագոյն» պիտի դառնան:

Բայց օրերը չլաւացան, մանաւանդ վերջին տարիները շատ «մթագնեցան» ու խիստ ծանր եղան Վարսենիկին համար: Տարիներ առաջ ան կորսնցուց իր երիտասարդ զաւակը` Փոլը, որուն մահը եւ անոր ընկերացած պայմանները խիստ ծանր ազդեցին ընտանիքին, յատկապէս իր` Վարսենիկին վրայ:  Վարսենիկ հետզհետէ սկսաւ տկարանալ ֆիզիքապէս (սիրտ, շաքարախտ, արեան գերճնշում, տեսողութեան տկարացում, ծունկերու ցաւ…): Աւելի ուշ ժողովրդային ցոյցերու, ճամբաներու փակման ու առհասարակ տնտեսական պայմաններու բերումով ամուսինը` Ժանը, ստիպուեցաւ փոխան լիաժամի, կիսաժամ աշխատելու: Իրենց բնակարանը Պուրճ Համուտի մէջ ըլլալով`  մեծապէս ազդուեցան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն, ապա «Քորոնա» ժահրի համավարակին ու երկրին մէջ տիրող աննպաստ կացութեան բերումով հիւանդացաւ նաեւ ամուսինը, կիսովին անդամալոյծ դարձաւ ու վեց ամիս առաջ մահանալով` հեռացաւ այս աշխարհէն: Այս բոլորը առաւել եւս տկարացուցին Վարսենիկը, որ առանձին մնալով իր տան մէջ` չուզեց լքել զայն, բայց երբ իրեն հոգ տանող հիւանդապահուհի բերին, մերժեց «օտարի» խնամքին տակ մնալ ու նախընտրեց ապրիլ իր աղջկան մօտ, սակայն հոն ալ երկար չդիմացաւ ու շուրջ քառասուն օրեր առաջ աւանդեց հոգին:

Վարսենիկին օրինակները շատ են հայ ժողովուրդին մէջ, անոնք «վարագոյրի ետին, մութին մէջ» աշխատող «սեւ աշխատանքի» զինուորներն են, որոնց ճիգերով ու աննկուն կամքով կերտուած է հայ ժողովուրդի գոյատեւման կռուանը: Անոնք կը  գործեն հաւատքով, լուսարձակէ հեռու, առանց «անուն»-ի, առանց «աթոռ»-ի ու այս աշխարհէն կը հեռանան անծանօթ զինուորներու նման:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի ընկերուհի Վարսենիկ:

ՍԳԱԿԻՐ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒՀԻ ՄԸ

Նախորդը

Արեւուն Ազդեցութիւնը Մեր Տրամադրութեան Վրայ

Յաջորդը

«Հայ Մամուլի Օր»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.