Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանակն Է Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներուն Երաշխիքը, Այլապէս` Միլիսները Վերստին Իրենց Տիրապետութիւնը Կը Բանեցնեն» Շեշտեց Զօր. Աուն

October 11, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի սպայակոյտին եւ տարբեր զօրամասերու պետերուն հետ:

Հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն անդրադարձաւ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ կացութեան, յատկապէս տնտեսական իրավիճակին վատթարացման:

Զօր. Աուն դրուատեց բանակայիններուն ջանքերը եւ երկրին կայունութիւնը պաշտպանելու իմաստով անոնց ստանձնած պարտականութիւնները լրիւ կատարելու յանձնառութիւնը` հակառակ տիրող դժուար պայմաններուն եւ մարտահրաւէրներուն:

«Այսօր աւելի քան երբեք Լիբանան մեր կարիքը ունի, եւ մեր պարտականութիւնն է պաշտպանել սուրբ հայրենիքը` զոհողութեան մեր ամուր եւ անխախտ նշանաբանին ներքեւ: Լիբանանեան բանակին ծառայութիւնը զոհողութիւն է եւ ոչ թէ աշխատանք, եւ բանակը պատասխանատուութեամբ կը գործէ` բոլորէն մնալով նոյն հեռաւորութեան վրայ:

Ոչ մէկ ձեւով պիտի արտօնենք խախտել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ առիթ տալ սադրանքներու զարթնումին: Լիբանանեան բանակը ապահովութիւն է: Բանակն է Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն երաշխիքը, այլապէս` զինեալ միլիսները վերստին իրենց տիրապետութիւնը կը բանեցնեն երկրին վրայ», շեշտեց զօր. Աուն:

Անդրադառնալով Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ու ելեւմտական սուր տագնապին` զօր. Աուն շեշտեց, որ բանակին պարտականութիւնն է շարունակել դիմադրութիւնը` հաստատելով, որ այդ տագնապը անպայման պիտի փարատի:

«Միակ ընտրանքը բանակն է, որուն պահպանումը բոլորին պարտականութիւնն է, ներառեալ` պատասխանատուներուն», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն կոչ ուղղեց չհաւատալու այն տարաձայնութիւններուն, թէ հազարաւոր զինուորականներ լքած են բանակը եւ փախուստ տուած: «Բանակի հրամանատարութիւնը կը հասկնայ բանակայիններուն տառապանքը եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ մեղմացնելու զայն», շեշտեց զօր. Աուն` աւելցնելով, որ այսօր Լիբանանի մէջ քաղաքական նոր իրավիճակ պարզուած է եւ դրական մթնոլորտ մը ու լաւատեսութիւն գոյութիւն ունի` շնորհիւ նոր կառավարութեան կազմութեան:

Ան հաստատեց, որ բանակը պիտի մնայ իր երդումին հաւատարիմ եւ պիտի շարունակէ պաշտպանել երկրին ապահովութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը` յուսալով, որ տագնապը կ՛աւարտի եւ լիբանանցիները իրենց պետութեան նկատմամբ իրենց վստահութիւնը կը վերահաստատեն:

 

Նախորդը

Վիքթորիա Նուլընտ Պիտի Այցելէ Լիբանան

Յաջորդը

«Պատրաստ Ենք Ամէն Տեսակի Օժանդակութիւն Տրամադրելու Լիբանանին` Կառավարութեան Պահանջով» Շեշտեց Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.