Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ երէկ Ամմանի մէջ ներկայ գտնուեցաւ նախարարական նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ վրայով Լիբանանին յորդանանեան ելեկտրական հոսանք մատակարարելու կարելիութիւնները:
Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ Յորդանանի եւ Սուրիոյ ուժանիւթի նախարարները` Հալա Զաուաթի եւ Ղասսան Զամել:
Ֆայեատ նշեց, որ այս հանդիպումը կը հաստատէ Յորդանանի եւ Սուրիոյ հետ Լիբանանի ամուր յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ կը նպատակադրէ Լիբանանի ուժանիւթի ապահովութիւնը ամրապնդել` ուժանիւթի մարզին մէջ կայունութիւն արձանագրելով:
Ան յայտնեց, որ թեքնիք խոչընդոտները վերացնելու ուղեգիծի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է երեք նախարարներուն միջեւ` աւելցնելով, որ յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ այդ համաձայնութեան գործադրութեան համար միջազգային ֆինանսաւորում ապահովել` Միջազգային դրամատան միջոցով:
Զամել յայտնեց, որ աշխատանքը սկսած է արդէն, եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ելեկտրական ցանցի միացման կապերը նորոգելու, որպէսզի անոնց ընդմէջէն կարելի ըլլայ Լիբանանին ելեկտրականութիւն մատակարարել:
Զամել ընդգծեց, որ Սուրիա յանձնառու կը մնայ համաձայնութիւնը ամբողջութեամբ գործադրելու:
Զամել շեշտեց, որ հանրօգուտ շինութեանց աշխատանքները սկսած են վերանորոգելու համար ելեկտրական այն ցանցը, որ քանդուած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն կողմէ` աւելցնելով, որ նորոգութեան այդ աշխատանքները ամբողջացնելու համար երեք ամսուան կարիք կայ:
Իր կարգին, Զաուաթի հաստատեց, որ դէպի Լիբանան ելեկտրականութեան մատակարարումը պիտի կատարուի Սուրիոյ ենթակառոյցին վերանորոգութենէն ետք` ընդգծելով, որ յորդանանեան ելեկտրական հոսանքը Սուրիոյ ընդմէջէն Լիբանան փոխանցելու նպատակն է լիբանանցիներուն կարիքները հոգալ:
Նշենք, որ նախարարներ Ֆայեատ, Զաուաթի եւ Զամել հանդիպում մը ունեցան նաեւ Յորդանանի վարչապետ Պիշեր Խասաունէի հետ, որ շեշտեց Յորդանանի պատրաստակամութիւնը օժանդակելու եւ զօրակցելու Լիբանանին, որ տնտեսական արտակարգ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ եգիպտական կազը Լիբանանին մատակարարելու կարելիութիւնները:
Նախարարները իրենց ծրագրած քայլերը ներկայացուցին վարչապետ Խասաունէին:


