Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքու Անդրադարձած Է Իրան-Ազրպէյճան Սահմանին Վերաբերեալ Թեհրանի Յայտարարութիւններուն

October 5, 2021
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը անհիմն որակած է իրանեան կողմի յայտարարութիւնները, թէ Իրան-Ազրպէյճան սահմանին մօտ երրորդ ուժեր տեղակայուած են: «Սփութնիք Արմենիա» կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն, այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլայեւա` մեկնաբանելով Իրանի արտաքին գործոց նախարարին խօսքերը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեան յայտարարած էր, որ Իրան պիտի չհանդուրժէ սիոնական վարչակարգի` Իսրայէլի ներկայութիւնն ու իր երկրի սահմաններուն մօտ սադրիչ գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ու շրջանի սահմաններուն մէջ աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները:

Բացի ատկէ, ան ընդգծած է, որ Իրան իր սահմանին վրայ Իսրայէլի ներկայութեան վերաբերեալ մտահոգութիւնը Պաքուին յայտնած է դիւանագիտական ուղիներով:

«Նախ եւ առաջ մենք կ՛ուզենք ընդգծել, որ, ինչպէս նշած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը տեղական պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ, երկու երկիրներու ժողովուրդներու յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձրագոյն մակարդակի վրայ: Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ կապերը կը կառուցուին ամուր պատմական յարաբերութիւններու, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան հիման վրայ», ըսած է Ապտուլլայեւա:

Ապտոլլահեանի հարցազրոյցի ընթացքին հնչած որոշ միտքերու մասին Ապտուլլայեւա նշած է. «Մենք չենք ընդունիր Իրան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ երրորդ ուժի մը գոյութեան եւ այդ ուժի սադրիչ փորձերուն մասին պնդումները, որովհետեւ այդ միտքերը որեւէ հիմնաւորում չունին: Ընդհանուր առմամբ, Ազրպէյճանի տարածքին մէջ որեւէ ուժի, ներառեալ ահաբեկչական տարրերու գոյութիւնը, որոնք կրնան սպառնալիք հանդիսանալ մեր պետութեան կամ դրացի երկիրներուն համար, չի կրնար քննարկման առարկայ ըլլալ»:

Ան նշած է, որ դժբախտաբար նոյնիսկ պատերազմի 44 օրերուն ընթացքին որոշ կողմեր բացարձակապէս անհիմն կերպով հնչեցուցած են նման պնդումներ: «Մենք այն ժամանակ ալ յայտարարած էինք եւ հիմա ալ կը կրկնենք, որ նման պնդումները անհիմն են, եւ մինչեւ օրս ազրպէյճանական կողմին ոչ մէկ ապացոյց ներկայացուած է», ըսած է Ապտուլլայեւա:

«Յայտնի է, որ ինքնին Ազրպէյճանը տասնեակ տարիներ տառապած է իր տարածքներու զինուորական բռնագրաւումէն եւ միջազգային սահմաններու խախտումէն. մասնաւորաբար, Իրանի հետ մեր աւելի քան 130 քիլոմեթր սահմանը երկար տարիներ հայկական բռնագրաւումի տակ էր: Դժբախտաբար, տարիներու ընթացքին մենք չենք լսած իրանեան բարեկամ պետութեան մեր սահմանի մէկ մասի բռնագրաւումին վերաբերեալ նոյն կտրուկ արձագանգը», նշած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

 

Նախորդը

Եգիպտոս Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Յառաջընթացի Գոյութիւնը Կը Նշէ

Յաջորդը

«Շրջանին Մէջ Սահմաններու Փոփոխութիւնը Մեզի Համար Անընդունելի Է» Կ՛ըսէ Ապտոլլահեան

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.