«Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ քաթալոնական Պարսելոնայի նախագահ Խուան Լափորթա ակումբին գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը կ՛ուզէ վստահիլ գերմանացի ֆութպոլի մասնագէտի մը:
Նշուեցաւ, որ ան մօտիկ ապագային Պարսելոնա կ՛ուզէ հրաւիրել այժմ Եւրոպայի յառաջատար ակումբները գլխաւորած գերմանացի մարզիչներէն մէկը:
Սակայն, անոր կողմէ նկատի չեն առնուած Եուրկըն Քլոփը, Հանս-Տիեթըր Ֆլիքը եւ Թոմաս Թուխելը:
Թեկնածուներուն կարգին են Պայէրն Միւնիխի մարզիչ Եուլիան Նակելսմանը եւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի թեքնիք տնօրէն Ռալֆ Ռանկնիքը:
Հակառակ անոր որ Պարսելոնայի այժմու գլխաւոր մարզիչ, նետերլանտցի Ռոնալտ Քէօմանի պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ այս տարեշրջանի աւարտը, սակայն ըստ սպանական մամուլին, ան շուտով կրնայ պաշտօնանկ ըլլալ, խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով:



