Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրաֆ Այցելեց Մաուլաուիի Եւ Խալիլի

October 4, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆ այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի, որուն հետ քննարկեց յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները:

Մաուլաուի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին:

Թրաֆ այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական իրադարձութիւնները:

Շեշտուեցաւ Լիբանանին տրամադրուելիք տնտեսական  օժանդակութեան կարեւորութիւնը` շրջանցելու համար ներկայ  տագնապը:

Հանդիպումին ընդգծուեցաւ, որ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ խորհրդակցութիւններն ու բանակցութիւնները լաւ պատրաստուածութիւն կ՛ենթադրեն:

Թրաֆ յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը կարենայ շարունակել այդ թղթածրարներուն

հետապնդումը: «Մենք կը զօրակցինք կառավարութեան», ընդգծեց ան:

Մաուլաուի Ասմարի Հետ Քննարկեց
Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ներքին գործոց նախարարը նաեւ ընդունեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս աշխատաւորներուն վերաբերող հարցերը:

Ասմար յայտնեց, որ Մաուլաուիէն պահանջած է բոլոր քաղաքապետարաններու պաշտօնէութիւնը արձանագրել Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկին (Տաման) մէջ` աւելցնելով, որ ներքին գործոց նախարարը այս առաջարկին ընդառաջում ցուցաբերեց:

Ասմար նշեց, որ կառավարութեան պէտք է առիթ տալ աշխատելու` աւելցնելով, որ պէտք է գործել լիբանանցիներուն ցաւերը դարմանելու եւ երկրին քաղաքական կայունութիւն ապահովելու նպատակով:

Մաուլաուիի այցելեց նաեւ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս: Քննարկուեցան ցամաքային փոխադրութեան վերաբերող հարցեր:

 

 

Նախորդը

Դրամատուներու Միութիւն. «Կը Մերժենք Պաշտօնեաներուն Եւ Մասնաճիւղերուն Վրայ Յարձակումները»

Յաջորդը

Ամերիկեան Քոնկրեսի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Կը Դրուատէ Պիթարի Պարկեշտութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.