Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպ Շիրանեանի Յիշատակին

October 2, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2021-ին Երեւանի մէջ մահացաւ Մեսրոպ Շիրանեանը, որ ծնած է 1958-ին, Խարբերդէն գաղթած եւ Դամասկոս հաստատուած յայտնի Շիրանեան ընտանիքին յարկին տակ:

Շիրանեանները եղած են ազգասէր եւ բարերար անձնաւորութիւններ, որոնք իրենց նպաստը բերած են ընդհանրապէս դամասկահայ կեանքի կազմակերպման եւ աշխատանք տարած են գործող միութիւններու ու եկեղեցւոյ շուրջ հայութեան համախմբուած մնալուն ի խնդիր:

Ահա այսպիսի ընտանիքի մէջ ծնած ու դաստիարակուած է Մեսրոպ Շիրանեան, որ կանուխ տարիքէն մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն եւ իր կարգապահութեամբ օրինակելի անձի մը տպաւորութիւնը ձգած է բոլորին մօտ:

Քաջալերած եւ օգտակար հանդիսացած է «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի հովանիին տակ գործող բոլոր միութիւններուն, Համազգայինին, ՀՄԸՄ-ին, Սուրիահայ օգնութեան խաչին թէ երիտասարդական միութեան, նաեւ` Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական թէ առօրեայ այլ դժուարութիւններու լուծման:

Տարիներ շարունակ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդարանին եւ Սուրիոյ տարբեր նախարարութիւններուն ու գրասենեակներուն միջեւ յարաբերական կապը եղած է` ամենայն բծախնդրութեամբ կատարելով այդ յարաբերութիւնները հեզասահ ու արդիւնաւէտ պահելու աշխատանքը:

Մեսրոպ Շիրանեան նկարագիրով եղած է միշտ ըմբոստ, որեւէ անարդար արարքի դէմ իր յստակ կեցուածքը դրսեւորած է: Օգնած ու աջակցած է իրեն դիմող բոլոր ծանօթներուն թէ անծանօթներուն, իր գրասենեակը միշտ խճողուած եղած է օգնութիւն կամ խնդրանք ունեցողներով, որոնց երբեք յուսախաբ չէ ըրած ան:

Ըլլալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դամասկոսի մէջ գտնուող կալուածներուն լիազօր պատասխանատուն, մեծ աշխատանք տարած է այդ կալուածները օրինազանցութենէ զերծ պահելու առումով:

Արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»-ի շքանշանին` իր մատուցած անգնահատելի ծառայութիւններուն համար:

Ամուսնացած է Նազիկ Սագոյեանին հետ եւ ունի երկու զաւակ` Յարութ եւ Մելինէ:

Վերջերս հաստատուած է Հայաստան, ուր ալ կնքեց իր մահկանացուն:

Ան ո՛չ միայն Դամասկոսի մէջ, այլեւս ընդհանրապէս հայկական իրականութեան մէջ պիտի յիշուի իբրեւ ծառայասէր եւ իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը:

Հողը թեթեւ գայ վրադ: Յիշատակդ անթառամ:

ՍԳԱԿԻՐ

 

 

Նախորդը

Ալիեւ-Փաշինեան Տեսանիւթերով Մենամարտը` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Մէջ

Յաջորդը

Թանկագին Նուէրի Մը Գողտրիկ Պատմութիւնը (Սարհատ Գարակէօզեանի Անթառամ Յիշատակին)

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.