Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ժողովուրդ Մը Իր Նահատակներով Կը Մեծնայ, Կը Հզօրանայ Ու Կը Յաւերժանայ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 27, 2021
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 սեպտեմբեր 2020-ը ճակատագրական եւ հայոց պատմութեան մէջ իր սեւ կնիքը դրոշմած թուական մը եղաւ: Արդարեւ, անգամ մը եւս Արցախ աշխարհը թուրք-ազրպէյճանական բարբարոսութեան ենթարկուեցաւ, որուն հետեւանքով հայ ազգը տուաւ աւելի քան 5000 նահատակներ, 200-է աւելի գերեվարուածներ, հարիւրաւոր անհետ կորած հայորդիներ, ինչպէս նաեւ կորսնցուց հողային հսկայ տարածքներ:

Նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կիրակի, 26 սեպտեմբեր 2021-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ անմահ պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին հայրենիքի հողի պաշտպանութեան համար հերոսաբար զոհուած, իրենց արիւնը թափած քաջարի հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Ս. պատարագէն անմիջապէս ետք, կաթողիկոսարանի Cilicia TV լրատուակայանը դիմելով Արամ Ա. կաթողիկոսին` փափաքեցաւ իմանալ վեհափառ հայրապետին մտածումները արցախեան պատերազմի տարելիցին առիթով: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Այսօր մեր ժողովուրդի զաւակները կը յիշեն արցախեան 44-օրեայ պատերազմը` իր մարդկային, հողային ու նիւթական ահաւոր վնասներով եւ հոգեկան յուզումնախառն զգացումներով: Այս տխուր առիթով մեր նայուածքներն ու մտածումները կ՛ուղղենք առաջին հերթին նահատակներու ծնողներուն` ըսելով. Ձեր զաւակները իրենց արիւնը թափեցին հայրենիքի անվտանգութեան ու անկախութեան համար: Ան, որ այս սրբազան նպատակին համար ինքզինք կը զոհէ` նահատակ է, եւ դուք հպարտ պէտք է ըլլաք, որ ձեր զաւակը մեր ազգին ու հայրենիքին համար դարձած է նահատակ: Այսօր, երբ կը յիշենք մեր նահատակները, նաեւ պէտք է լսենք երկինքէն երկիր մեզի հասնող անոնց պատգամը. Հաւատքով ու նուիրումով պաշտպան կանգնեցէ՛ք հայրենիքին, թշնամիին դիմաց մնացէ՛ք ամուր, անզիջող` հաւատքով ու կամքով կռանուած: Ա՛յս գիտակցութեամբ մեր նահատակները կռուեցան ու զոհուեցան»: Ապա, վեհափառ հայրապետը աւելցուց. «Ժողովուրդ մը իր նահատակներով կը մեծնայ, կը հզօրանայ ու կը յաւերժանայ: Այս կը յիշեցնէ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը»:

Նախորդը

«Միշտ Ձեր Կողքին» Խորագիրով Առցանց Ձեռնարկ` Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.