Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Գիտակցութիւն

September 21, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Եթէ օր մը ձեզի հարց տրուի, թէ «ի՞նչ է ազգային գիտակցութիւն» ըսուածը կամ այդ ի՞նչ ըսել է… ի՞նչ պիտի պատասխանէիք: Կարծես մեր ժողովուրդը կարօտ մնացած է այս խօսքին: Ինքնաբերաբար պիտի սիրես հայ կեանքը: Պիտի կախուիս անոր թելերէն:

Սփիւռք ենք: Հարիւր եւ աւելի տարիէ ի վեր հոս կ՛ապրինք` հայրենի հողէն զրկուած եւ ամէնօրեայ մտահոգութեան բազմատեսակ ալիքներուն անձնատուր: Այս նոյն հայ սփիւռքն է, որուն «ծնունդի» առաջին օրէն կը կարծէին, թէ  ժամանակաւոր էր: Իսկ այս օրերուն, իսկ հիմա, կամայ թէ ակամայ, ան դարձած է մնայուն: Ու այս մասին կանգ առնելու եւ մտածելու ժամանակ նոյնիսկ չկայ: Բայց եւ այնպէս, ամէն առիթով կը փորձենք` վերատեսութեան ենթարկել մենք զմեզ, մեր ապրելակերպը, մեր վարմունքն ու կեցուածքները, մեր մօտեցումներն ու մտածումները, մեր էութիւնն ու ինքնութիւնը, որպէսզի յետոյ համրանք չդառնանք:

Ներկայիս աշխարհի տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային հարցերը մեզ ալ ազգովին կլանած են արդէն: Ահա թէ ինչո՛ւ հայապահպանման հոլովոյթն ալ  դժուարացած է: Տեսնուած է նաեւ, որ սփիւռքեան գաղութներու մէջ մեր երազները զարնուած են դժուարութիւններու եւ դժբախտութիւններու ալիքներուն, որոնք կը խորտակեն մեր յոյսերը: Ամէն տեղ արժէքները փոխուած են: Աւանդութիւնները դարձած են ձեւականութիւն: Եւ տակաւին շարքը շա՜տ ու շա՛տ երկար է: Բայց եւ այնպէս միշտ ալ մտահոգ մարդիկ երկար եւ հեւասպառ կը մտածեն ստեղծուած մթնոլորտին մէջ փոխանցել հայու եւ հայութեան սէրը, գուրգուրանքը, յարգանքը` հանդէպ մայրենիին եւ ազգային միւս բոլոր արժէքներու:

Նման մտածումներու անթիւ փշրանքները արդէն լեցուցած են մեր միտքերը: Իսկ հիմա անմեղ հարցումը. ձեզի համար ի՞նչ է «ազգային գիտակցութիւն»-ը:

Բայց նախ պարզենք, թէ մեզի համար ի՞նչ ըսել է «ազգային գիտակցութիւն» եւ ի՞նչ կը նշանակէ զայն ունենալ:

Արդեօք գաղափարախօսութի՞ւն է, որ ծնած է մեր հոգերուն հետ: Գիտենք, որ իւրաքանչիւրս մեր ապրած սփիւռքներուն մէջ տեսակ մը նոր ինքնութիւն ընդօրինակած ենք, եւ կամաց-կամաց, առանց զգալու, աստիճանաբար, տեղի տուած մեր հայկական ինքնութենէն:

Եւ որպէսզի այս բոլորը պարզ մենախօսութիւն չդառնան, էական է լայն «բանալ» մեր միտքերու պահարանները կամ փորել մեր մտածումի «ակօսները»` պատրաստելու համար ենթահող մը, որուն ծոցէն պիտի բարձրանայ մեր ազգի ապագայ հեռանկարը:

Արդեօք այս գիտակցութիւն ըսուածը մեզ դէպի մեր լինելութեան քաշող ու տանող հեռանկար մը չէ՞: Կամ` մեր կեանքի «խաւարը» լուսաւորող յոյսն ու լոյսը չէ ՞, որուն ցարդ շատեր ծանօթ չեն:

Կը կարծեմ, որ ներկայ մեծ եւ սարսափազդու «հոսանքներուն» դէմ արդար ճիգ եւ միաժամանակ թիավարում է: Նոր ածուներ ոգեւորողն է, որ պիտի պահէ ներդաշնակութիւնը մեր հոգիին եւ ազգային մեր լաւատեսութիւնը պիտի բիւրեղացնէ:

Ահա հո՛ս է մարդկային եւ ազգային մեր բազկերակը:

Ասկէ առաջ ամէն բան ըսուած է: Բայց հոգս չէ: Տոկալ եւ տեւել կարենալու համար դարձեալ կ՛ուզեմ այս «ամէն բան»-ն ու «բաներ»-ը կրկնել: Յիշեցնել: Որովհետեւ կը հաւատամ, որ ազգային գիտակցութիւնը իր մէջ ամփոփած է մեր ազգային բոլոր արժէքները:

Այսպէս, իբրեւ պատնէշ եւ պարիսպ, իբրեւ թումբ` մեր ազգին սպառնացող վտանգներուն, սկսելով մեր մայրենիէն, հասնելով մինչեւ քաղաքական եւ լեզուական անկախութեան ու լեզուի ազատագրումին, ապա` առողջ ղեկավարութիւն ունենալու երազին, քաղաքական իմաստութիւն եւ ազգային հաւարտարմութիւն ունեցող քաղաքացիին: Այլ խօսքով` հաւատալ ազգային արժէքներ պահող կեանքին եւ անոր ազնիւ ու գեղեցիկ արժէքներու յաղթանակին: Խղճամիտ տրամադրութեամբ, թէ՛ պայքարելու եւ թէ՛ վերապրեցնող պատրաստակամութեամբ տէր ըլլալու եւ տէր կանգնելու հայրենի երկրին, հողին ու անոր ժառանգութեան: Կարճ խօսքով` գիտակցութիւն եւ գուրգուրանք ազգային ոգեկանութեան: Քաջալերել հայ գիրը, գրականութիւնն ու մշակոյթը եւ անոնց համեստ սպասարկուները: Նաեւ չմոռնալ, որ անցեալի գիտակցութիւնն ալ ազգային մեր գոյութեան հիմնական պայմաններէն մէկն է: Այս բոլորը,  որպէսզի հայու ոգին ջերմ մնայ: Ոգին արդէն բաւարար է, որ մեր ակունքն ու մեզ մնայուն պահէ` միաժամանակ նորոգելով հաւատքի մաշած մեր ոտնանմանները:

Ասոնք նաեւ մտահոգութիւն ալ են: Եւ մտահոգութիւնը ահազանգ ալ է:

Լաւատեղեակ ենք, որ բոլոր հին ու նոր հարցերը մեզ եւ մեր պատմութիւնը մաշեցուցած են արդէն: Լաւ յիշենք. մենք կառուցող ժողովուրդ ենք: Կը քանդենք, կը կառուցենք: Մենք նաեւ մեծ քաղաքակրթութեան արժանի ազգ ենք: Այս չի նշանակեր, որ ամէն բան բախտին պէտք է ձգենք:

Հայրենի հողին, գիրին եւ մշակոյթին ներշնչած սէրն ու լոյսը պէտք է լուսաւորեն մեր բոլորին միտքերն ու հոգիները: Մենք ոչ միայն առողջ միտքերու հոսքի կարիքն ունինք, այլ նաեւ` իմաստուն եւ հեռատես ղեկավարներու, հոգիի մեծութեամբ արդարամիտներու, արթուն զանգուածներու եւ գիտակից պատասխանատուներու, հզօր բանակի կողքին:

Ինչպէ՞ս հայ կեանքի պայքարին մասնակից դարձնել բոլոր անոնք, որոնց գիտակցութիւնը ցամքած կ՛երեւի: Շատեր չեն զգար էականութիւնն ու կարեւորութիւնը այս բոլորին: Անձնասիրութիւն եւ քմահաճոյք ու մանաւանդ` փող «աշխատելու» հոգեբանութիւն: Այս է իրենց նպատակը:

Մեզի համար այս օրերուն հայ մարդու թա՛փ է պէտք: Եւ տակաւին, իր ազգին գլխաւոր ձգտումներով մտահո՛գ հայ մարդ է պէտք: Միասնական ղեկավարութի՛ւն է պէտք, որպէսզի որոնելով մեր ինքնութիւնը` մեզ բոլորով եւ միատեղ մասնակից դարձնէ 21-րդ դարու մեր հայ կեանքի առողջ պայքարին:

Վերջապէս, որպէսզի մենք երազին յաղթենք, մեզի նոր առաքելութիւն է պէտք` կեանքի նոր բանալիներով: Կուռքեր ստեղծելու ժամանակը շատոնց անցած է: Շատեր նման հարցերու արմատներէն հեռու են: Ստեղծագործական արժանիքներու եւ ազգային արժանապատու-ութեան գիտակցութիւնը ժողովրդի ինքնահաստատ ապրելու նախապայմանն է:

Հաւատացէ՛ք, առանց այդ գիտակցութեան` կարելի է անմռունչ ձուլուիլ, անմռունչ կրել ստրկութեան լուծը, նոյնպէս` անմռունչ ալ կորսուիլ այս աշխարհի պատմութենէն:

Ահա՛ ազգային գիտակցութիւն ունենալու էականութիւնը:

Ազգային փրկարար դեղատոմս մը:

[email protected]

 

Նախորդը

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Լիբանան 4-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Պրազիլէն

Յաջորդը

Տարեդարձներ Եւ Աւելին – Գ. Ընդդիմադիր Ճակատը «Անելիք Ունի՛»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.