Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՆԱՁԵՒԵՐՈՒՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

March 31, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իր ընդհանուր ժողովին ընթացքին քննարկեց թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մանրամասնութիւնները` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է վերջնականացնել Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել այնպիսի կառավարութիւն մը, որ գործադրէ Լիբանանի յատուկ միջազգային բանաձեւերը եւ Լիբանանի կայունութիւնը երաշխաւորէ շրջանային զարգացումներէն:

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արտասանած իր խօսքէն ետք կատարած յայտարարութեան մը մէջ շեշտեց, որ ՄԱԿ անհամբեր կը սպասէ Լիբանանի յաջորդ կառավարութեան կազմութեան:

Ան նշեց, որ այդ կառավարութիւնը պէտք է նկատի ունենայ լիբանանցիներուն առաջնահերթութիւնները` քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան առումով, ինչպէս նաեւ գործադրէ ժողովուրդին տնտեսական եւ ընկերային պահանջները:

Ուիլիըմզ ցաւ յայտնեց, որ Իսրայէլ օրական դրութեամբ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ կը գործէ. ան կոչ ուղղեց, որ Լիբանանի յաջորդ կառավարութիւնը հսկէ լիբանանեան սահմաններուն, եւ նկատել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները կրնան Լիբանանի վրայ դրական եւ ժխտական ազդեցութիւններ ունենալ, «սակայն աւելի հաւանական է, որ այդ ազդեցութիւնները ընդհանուր առմամբ դրական ըլլան», եզրափակեց Ուիլիըմզ:

Իր կարգին, ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու է թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:

Ան շեշտեց, որ 1978-էն ի վեր Լիբանան Ապահովութեան խորհուրդէն կը պահանջէ պարտադրել Իսրայէլին յարգելու լիբանանեան գերիշխանութիւնը:

Ապահովութեան խորհուրդի անդամ ամերիկացի պատուիրակ Սիւզըն Ռայս վերահաստատեց Հըզպալլայի դէմ ամերիկեան վարչակազմին քննադատութիւնները, յատկապէս Սուրիայէն զէնք մաքսանենգելու առումով: Ռայս շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ միջազգային բանաձեւերը գործադրել եւ նախանձախնդիր մնալ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքին. ան կոչ ուղղեց Իսրայէլին հեռանալու Ղաժար գիւղաքաղաքէն եւ յարգելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ թիւ 1701 բանաձեւը:

Ապահովութեան խորհուրդի ընթացիկ ամսուան նստաշրջանի նախագահ Չինաստանի պատուիրակ Լի Փաոտունկ մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան օդուժին գործած ամէնօրեայ թռիչքներուն առումով` ընդգծելով, որ պէտք է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծում կատարել: Ան նշեց, որ այս առումով Ապահովութեան խորհուրդին մէջ տակաւին յստակ որոշում մը չկայ` աւելցնելով, սակայն, որ խորհուրդի անդամներուն մեծամասնութիւնը, որուն մէջ նաեւ Չինաստան, կը փափաքին այդ թղթածրարին լուծում մը գտնել:

 

Նախորդը

«ՍԷՅԻՏ ՆԱՍՐԱԼԼԱՅԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻ ՆՈՒՐԲ ՀԱՐՑԵՐ, ԶՈՐՍ ՉԵՄ ՈՒԶԵՐ ԲԱՑԱՅԱՅՏԵԼ» ՇԵՇՏԵՑ ԺՈՄՊԼԱԹ

Յաջորդը

ՊԸՐՐԻ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՍԱՏԻ ԵՒ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻ ՀԵՏ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.