Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 16, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 844 վարակուածներ եւ մահացած 8 ուրիշներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւններն ու օրէնսդրական շարք մը հարցեր: Պըրրիի այցելեցին նաեւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլաս եւ երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտը, որուն հետ քննարկեց եգիպտական կազն ու յորդանանեան ելեկտրականութիւնը Լիբանան փոխադրելու կարելիութիւնները: Պու Հապիպ հաստատեց Լիբանանի յանձնառութիւնը լիբանանեան-յորդանանեան յարաբերութիւններուն ամրապնդումին առումով: Պու Հապիպի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի Ժողովրդավարութեան միջազգային տօնին առիթով հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ինք համոզուած է, որ ընտրութիւնները կ՛ամրապնդեն Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը: «Պարկեշտ եւ թափանցիկ ընտրութիւններու կազմակերպումը ինծի համար կը մնայ առաջնահերթութիւն», հաստատեց Մաուլաուի:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար, կառավարութեան կազմութենէն ետք ընդհանուր դատախազութեան փոխանցեց նախկին վարչապետ Հասսան Տիապը բերման ենթարկելու հրամանագիրը, եւ 20 սեպտեմբերը ճշդեց Տիապը հարցաքննելու նիստի օր: Նշենք, որ Տիապ նախանցեալ առաւօտեան մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ` իր ընտանիքը տեսնելու համար: Հարցազրոյցի մը ընթացքին Տիապ հաստատած էր, որ նոր կառավարութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք պիտի մեկնի իր զաւակները տեսնելու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` կառավարութեան կազմութեան լոյսին տակ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ընդունեց կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապին, որուն հետ քննարկեց երկրին եւ կրթութեան մարզին վերաբերող հարցեր:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ ապօրինի կերպով իրանեան նաւթի Լիբանան փոխադրութիւնը, երկիրը կը զետեղէ ձախող երկիրներու շարքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարտիերը, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹ ներածող ընկերութիւններու համախմբումի նախագահ Ժորժ Ֆայեատ յայտնեց, որ պենզինը այսօրուընէ սկսեալ պիտի ապահովուի կայարաններուն մէջ, եւ կարելի պիտի ըլլայ քաղաքացիներուն վաճառել զայն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Նոր Կառավարութեան Կազմութենէն Ետք

Յաջորդը

Նոր Նշանակուած Նախարարները Շարունակեցին Ստանձնել Իրենց Նախարարութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.