Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութիւնը` Այսօ՞ր

September 10, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին լիբանանցիին համար կեանքը օր մը լաւ-օր մը վատ կշռոյթով չընթացաւ, այլ` օր մը վատ-օր մը աւելի վատ կշռոյթով:

Անցեալ օգոստոսին Հասսան Տիապի կառավարութեան հրաժարելէն 13 ամիս ետք երկիրը տակաւին կը մնայ առանց կառավարութեան, որուն կազմութեան մասին լաւատեսութիւնն ու յոռետեսութիւնը վերածուած է սակարանի, որուն ելեւէջները վայրկեաններու վրայ հիմնուած են:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին դրական եւ ժխտական մթնոլորտը սակարանին նմանցնելը պատահական չէ, որովհետեւ այս երկրին մէջ այդ մթնոլորտը իր ուղղակի ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի սակին վրայ:

Ճգնաժամի ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ գտնուող լիբանանցին երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին դրական ներուժով ապրեցաւ եւ լաւատեսութիւն լսեց` կառավարութեան կազմութեան մասին, սակայն ոչ մէկ հաւասարակշռուած քաղաքացի այս բոլորին կը հաւատայ` մինչեւ կառավարութեան յայտարարութիւնը, Պաապտայէն:

Միւս կողմէ, անկարելի է մտածել նաեւ այն իրականութեան մասին, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին երէկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի այցելած էր միայն ցաւակցութիւն յայտնելու` Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի մահուան առիթով:

Իսկ եթէ անդրադառնանք օրուան ընթացքին արձանագրուած լաւատեսական մթնոլորտին, ապա կարելի է մէջբերել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներուն հրապարակած այն տեղեկութիւնները, թէ կառավարութեան կազմութիւնը պիտի կատարուի առաւելագոյնը 48 ժամէն:

Երեկոյեան հաղորդուած լուրերէն ընդգծուեցան, որ կառավարութիւնը կրնայ կազմուիլ այսօր` արձանագրուած կարգ մը յառաջխաղացքներու շնորհիւ:

Կարգ մը լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ նախարարութիւններու փոխանակում կատարուած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի միջեւ` աւելցնելով, որ նախագահ Աուն եւ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են:

Այլ լրատուամիջոցներ հաստատեցին, որ արտաքին ճնշումներու իբրեւ հետեւանք խորհրդակցութիւնները աւելի աշխուժ թափ ստացած են:

Բայց եւ այնպէս կար յստակ մէկ իրականութիւն, որ մինչեւ ուշ գիշեր նախագահ Աունի եւ վարչապետ Միքաթիի միջեւ հանդիպումի ժամադրութիւն մը չէր ճշդուած:

Նախորդը

Զօր. Քլաուտիօ Կրացիանօ Այցելեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն Եւ Բանակի Հրամանատարին

Յաջորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Յայտարարութիւնը. Համազգային Չապաքինուած Ցաւի Մթնոլորտին Մէջ «Գունեղ Տօնակատարութեան» Մասին Խօսիլը Անարգանք Է Զոհերու Յիշատակին

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.