Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ռուս Համանախագահը Այցելեց Հայաստան

September 7, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2021-ին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս նոր նշանակուած համանախագահ Իկոր Խովայեւ Հայաստանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Իկոր Խովայեւ եւ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպումին ընթացքին քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիները` ընդգծելով Մինսքի խմբակի համանախագահութեան գործունէութեան կարեւորութիւնը:

Իկոր Խովայեւ հանդիպում ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, ինչպէս նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:

Արարատ Միրզոյեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչուող հարցերու լայն շրջանակ` ընդգծուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան հովանիին տակ խաղաղ գործընթացի վերսկսման կարեւորութիւնը:

Արարատ Միրզոյեան հայկական կողմին աջակցութիւնը յայտնեց 44-օրեայ պատերազմէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան միացեալ յայտարարութիւններուն, ուր կ՛ընդգծուի հանրայայտ սկզբունքներուն եւ տարրերուն հիման վրայ տագնապին տեւական ու կայուն լուծման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Արարատ Միրզոյեան շեշտեց Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական պատանդներու շուտափոյթ եւ անվերապահ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան եւս Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իկոր Խովայեւի հետ: Հանդիպումին մասնակցեցան նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, պաշտօնատար այլ անձեր: Քննարկուեցան ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապին առնչուող տարբեր հարցեր, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ համանախագահներուն` յառաջիկային շրջան կատարելիք  այցելութեան կարեւորութիւնը: Խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման առումով նախագահ Յարութիւնեան կարեւոր նկատեց շրջանին մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի առաքելութիւնը:

Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ Արցախ կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով բանակցային հոլովոյթը շարունակելու յանձնառութեան:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Շնորհաւորական Նամակ Մը Յղեց Ծերակուտական Մենենտեզին

Յաջորդը

Կարապետեան Եւ Մուրատով Քննարկած Են Արցախի Մէջ Խաղաղապահ Առաքելութեան Ընթացքը Եւ Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանին Իրադրութիւնը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.