Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էլենի Թէոխարուս. «Պիտի Շարունակենք Կանգնիլ Հայաստանի Եւ Արցախի Կողքին»

September 2, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիպրոսի մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբի ղեկավար, Եւրոպական խորհրդարանի նախկին երեսփոխան, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախկին ղեկավար տոքթ. Էլենի Թէոխարուս ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Յակոբ Գազանճեանին հետ այցելեց Արցախ, ծանօթացաւ արցախցիներու խնդիրներուն: Ան հաստատեց, որ Արցախ այցելեց աջակցութիւն յայտնելու հայ ժողովուրդին:

Թէոխարուս նաեւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներուն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի հետ:

«Մենք Հայաստան կը գտնուինք` Կիպրոսի ժողովուրդին անունով համերաշխութիւն յայտնելու մեր հայ քոյր ու եղբայրներուն եւ Արցախի ժողովուրդին. անոնք պատերազմի պատճառով յայտնուեցան մեծ բանտի մը մէջ, զոր ստեղծեցին Ազրպէյճանը, Թուրքիան, Իսրայէլը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքէն բերուած ահաբեկչական խումբերը», «Երկիր»-ին ըսաւ Էլենի Թէոխարուս:

Ան հաստատեց, որ պիտի շարունակէ կանգնիլ Արցախի եւ Հայաստանի կողքին: «Մենք միշտ արցախցիներուն կողքին պիտի ըլլանք եւ ամէն գնով պիտի օժանդակենք անոնց` դիւանագիտական, քաղաքական դաշտին մէջ, Եւրոպայի, քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ: Պէտք է օգնենք Արցախի ժողովուրդին` գոյութեան իրաւունքի պահպանման մէջ եւ Հայաստանին` տարածքային ամբողջականութեան պահպանման հարցին մէջ», ըսաւ ան:

ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Յակոբ Գազանճեան դիտել տուաւ, որ Արցախի մէջ ունեցած են տարբեր հանդիպումներ: Քննարկած են Արցախի կարգավիճակին հարցը, կարեւոր նկատուած են նաեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք գործակցութիւնը:

Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Ազգային ժողովին մէջ ընդունեց տոքթ. Էլենի Թէոխարուսը` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Յակոբ Գազանճեանին:

Հանդիպումին մասին Իշխան Սաղաթէլեան գրած է. «Տիկին Թէոխարուսի նուիրումը Արցախին եւ հայ ժողովուրդին, անոր աւանդը Արցախի շահերու միջազգային պաշտպանութեան գործին մէջ ուղղակի աննկարագրելի է: Միայն նշեմ, որ արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին Թէոխարուսը 19 անգամ այցելած է Արցախ, իրականացուցած մեծ թիւով վիրահատութիւններ:

«Միտքեր փոխանակած ենք Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման, մեր ժողովուրդի կենսական իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ: Հաճելի էր տեսնել մեր ժողովուրդի մեծ բարեկամին յանձնառութիւնը` շարունակել համատեղ պայքարը` յանուն ազատ, անկախ եւ անվտանգ Արցախի»:

 

Նախորդը

Արցախի Ընդդիմադիր Երեք Խմբակցութիւնները Տեսակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Հետ

Յաջորդը

ԿՈՉ` Հայութեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.