Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Մէջ Կայանալիք Համապետական Խորհրդարանական Ընտրութիւններէն Առաջ Հայ Դատի Յանձնախումբը Հրապարակած Է Իր Քաղաքական Առաջնահերթութիւնները

August 31, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը տեղեկացնէ, թէ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը 27 oգոստոսին` սոյն թուականի 20 սեպտեմբերին նշանակուած դաշնակցային ընտրութիւններուն ընդառաջ, հրապարակած է իր քաղաքական առաջնահերթութիւններու տարեկան փաստաթուղթը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Քանատայի դաշնակցային ընտրութիւններուն առիթով Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի համանախագահ Հրակ Թարեքչեանը ընդգծած է. «Ասիկա վճռորոշ ընտրութիւն է բոլոր քանատացիներուն համար, ներառեալ` քանատահայ համայնքը, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին անցած է ծայրայեղ բուռն իրադարձութիւններու մէջէն, հետեւաբար, մենք կ՛ուզենք ապահովել, որ մեր ձայնը լսելի ըլլայ, եւ պատշաճ գործողութիւններ ձեռնարկուին մեր համայնքին վերաբերող հարցերուն շուրջ»:

Քաղաքական առաջնահերթութիւններու փաստաթուղթը ռազմավարական դիրքորոշում ունի` լուծել Արցախի Հանրապետութեան մէջ առկայ խնդիրները` շեշտը յատուկ դնելով անցեալ տարուան ընթացքին ազրպէյճանաթրքական յարձակումի սարսափելի հետեւանքներուն վերացման վրայ:

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի քաղաքական առաջնահերթութիւնները կ՛ընդգրկեն լայն շրջանակ` սկսած Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումէն մինչեւ Երեւանի մէջ Քանատայի դեսպանատան բացում, Ազրպէյճանի կողմէ ապօրինի պահուող ռազմագերիներու անվտանգ վերադարձէն մինչեւ Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը:

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի համանախագահ Շահէն Միրաքեան իր կարգին կ՛արձանագրէ. «Ինչպէս տասնամեակներ շարունակ պարտաւորուած էինք ապահովել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, այնպէս ալ այսօր հաւատարիմ ենք հետամուտ ըլլալու Արցախի ճանաչման եւ Քանատայի ու Հայաստանի միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւններու հաստատման»:

Քաղաքական առաջնահերթութիւններու փաստաթուղթը պիտի ծառայէ իբրեւ Քանատայի 44-րդ համապետական ընտրութիւններուն մասնակցող թեկնածուները իրազեկելու միջոց եւ գալիք քաղաքականութեան ծրագրաւորման ուղեցոյց:

Փաստաթուղթի անգլերէն տարբերակին կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ յղումով` https://www.anccanada.org/wp-content/uploads/2021/08/ANCC-POLICY-PRIORITIES-EN-1-1.pdf

Նախորդը

1915 Թուականէն Ի Վեր Առաջին Անգամ Պատարագ Մատուցուած Է Մալաթիոյ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Յաջորդը

Ակնարկ. Կարգաւորման Նախապայմաններ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)

September 19, 2026
Քաց. «Լիբանանի Մէջ Իսրայէլի Գործողութիւնը Յաւելեալ Քանի Մը Շաբաթ Պիտի Տեւէ»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Եթէ Էրտողան Կ՛ուզէ Կազայի Մէջ Իր Գաղափարակիցներուն Օգնել, Թող Զանոնք Անթալիա Տեղափոխուելու Օգնէ»

September 19, 2026
Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Ընթացք Առին
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիոյ Մէջ Եռօրեայ Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Ընթացք Առին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.