Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանը Շուշիի Մօտակայքը Կրակած Է Հայկական Խաղաղ Բնակավայրերուն Ուղղութեամբ

August 26, 2021
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շուշիի մօտակայքը` յատկապէս Շոշ եւ Մխիթարաշէն համայնքներուն ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն 24 օգոստոսին` օրուան ընթացքին եւ մինչեւ ուշ գիշեր, ազրպէյճանական կողմը աշխուժօրէն եւ մնայուն կրակահերթեր արձակած է հայկական դիրքերուն եւ անոնց մօտակայքը տեղակայուած հայկական խաղաղ բնակավայրերուն ուղղութեամբ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:

Ասկերանի շրջանի Մխիթարաշէն գիւղին դիմաց տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներէն տարբեր զինատեսակներու բեկորները հասած են գիւղի բնակելի հատուած, իսկ 24 օգոստոսին` ժամը 22:00-ի շուրջ, Շուշիի հատուածէն արձակուած կրակոցներէն վնասուած է համայնքի բնակիչներէն մէկուն տունը:

«Ազրպէյճանի վարքագիծը անգամ մը եւս կը փաստէ, որ խաղաղ բնակավայրերու դրացնութեամբ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերը պէտք է գտնուին բնակավայրերէն այնպիսի հեռաւորութեան վրայ, որ կարելի չըլլայ ուղիղ դիտարկումով նշանառութեան տակ պահել քաղաքացիական բնակավայրերը, քանի որ անոնք անմիջական եւ իրական սպառնալիք կը հանդիսանան Արցախի ժողովուրդին կեանքին, առողջութեան եւ այլ կենսական իրաւունքներու, ֆիզիքական եւ հոգեկան անձեռնմխելիութեան:

«Ազրպէյճանական զինուած ուժերու անօրինական գործողութիւններու պատճառով կը վտանգուին սահմանամերձ դարձած բնակավայրերուն մէջ խաղաղ բնակչութեան բնականոն կեանքն ու գործունէութիւնը:

«Անգամ մը եւս կ՛ընդգծեմ դէպքերու քննութեան յստակ մեքանիզմներու ներդրման կարեւորութիւնը, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ պատասխանատուութեան ենթարկել դէպքերուն հեղինակները եւ կանխել անոնց հետագայ կրկնութիւնը», նշած է Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:

 

 

Նախորդը

Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանական Կողմին Տարածած Տեղեկութիւնները Կեղծիք Են»

Յաջորդը

«Հայաստան» Եւ «Պատիւ Ունեմ» Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.